image

Failed State? Լիբանան համընդհանուր փլուզման առջեւ

Failed State? Լիբանան համընդհանուր փլուզման առջեւ

Լիբանան յայտնուած է  համընդհանուր փլուզման լուրջ վտանգին առջեւ։

 

 Այս մասին այսօր  իմացանք   VDL լիբանանեան կայանէն,  որ  յղում ընելով միջազգային կազմակերպութեանց դիտարկումներուն,  լուր հաղորդած է  այն մասին,  որ  Լիբանան  մօտեցած  է  մաս կազմելու   «ձախողած երկիրներ»ու ընդհանուր ցուցակին։

 

 Ածբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեանց, առողջապահական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան խոցելիութեան ընդհանուր պատկերները ցոյց կու տան, որ եթէ արագ քայլեր չառնուին Լիբանան, որպէս երկիր պիտի միանայ «ձախողած երկիրներ»ու ցուցակին։

 

 Ըստ աղբիւրին այդ երկիրներուն մաս կը կազմեն Սոմալիան, Գոնկոն եւ Չատը, իսկ արաբական կտրուածքով այդ ցուցակի առաջին դիրքը կը գրաւէ Եէմէնը, ուր անցնող  թէժ պատերազմներ կ՚ընթանան։

 

 Աղբիւրը նաեւ մտավախութիւն յայտնած է, որ Լիբանան, եթէ չկարողանայ արագ բանակցութիւններ իրականացնել Միջազգային Դրամատան հետ, ապա այնտեղ տիրող տնտեսական-ընկերային բարդ վիճակը  երկիրը դուրս պիտի հանէ իր խաղաղ վիճակէն եւ առաջնորդէ  ռազմական բախումներու։

 Մեզմէ շատեր հարց պիտի տան, թէ Լիբանանի մէջ առկայ վիճակը դիտարկելով, ապա որոնք են, որ ռիսքը  պիտի առնեն եւ պատերազմ մղեն իրար դէմ ու այս հարցադրումին իրաւացի պատասխանն այն է, որ նման պարագաներու ալ մեծ թիւով օգտուողներ կրնան հանդէս գալ եւ անշուշտ միջազգային յենարան ունեցող այդ կողմերուն համար ռազմական բախումները լաւագոյն առիթներ են, ոչ միայն  դրսեւորուելու, այլ նաեւ դիրքեր ամրապնդելու։

 

 Ասկէ անդին Լիբանանի մէջ ստեղծուած դրութիւնը յաւելեալ վերլուծական փորձի չի կարօտիր, ու էական հարցազդրումը այն է, որ արդեօք Լիբանանի մէջ քաղաքական կամք թելադրող ուժերը պիտի հասկնան պահու դժուարութիւնը եւ ձեւով մըն ալ առաջքը պիտի առնեն այն մեծ հրդեհին, որ  կրնայ  քաոս ստեղծել, ոչ միայն Լիբանանին, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար։

 

 «Ա»