425 բրիտանացիներ որոնք «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարքերուն մաս կազմած ու մասնակցած են Սուրիոյ պատերազմին, վերադարձած են «տուն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Բրիտանական հետախուզութեան տուեալներով «Տահէշ»ի մասնակցութեամբ երկրին մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւններու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ մարտական գօտիներէն բոլոր վերադարձողները վտանգ կը սպառնան երկրի անվտանգութեան:
Բրիտանական անվտանգութեան ծառայութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էր, որ 500 քրէական գործ յարուցած է 3000 անձանց դէմ, որոնք այս կամ այն կերպ ներգրաւուած են ծայրայեղական գործունէութեան մէջ: