image

Սուրիա կռուողները ետ տուն կը վերադառնան. Տեղեկագրեր կը խօսին 425 բրիտանացիներու մասին

Սուրիա կռուողները ետ տուն կը վերադառնան. Տեղեկագրեր կը խօսին 425 բրիտանացիներու մասին

425 բրիտանացիներ որոնք «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարքերուն մաս կազմած ու մասնակցած են  Սուրիոյ պատերազմին, վերադարձած են «տուն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Բրիտանական հետախուզութեան տուեալներով «Տահէշ»ի մասնակցութեամբ երկրին մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւններու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ մարտական գօտիներէն բոլոր վերադարձողները վտանգ կը սպառնան երկրի անվտանգութեան:  

 

Բրիտանական անվտանգութեան ծառայութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էր, որ   500 քրէական գործ յարուցած է 3000 անձանց դէմ, որոնք այս կամ այն կերպ ներգրաւուած են ծայրայեղական գործունէութեան մէջ: