image

«Սխալ պիտի ըլլայ «Քորոնա»ի հարցը միայն քաղաքական տեսանկիւնէ դիտարկել... եւ պէտք է վարակին դէմ պայքարիլ».Բժիշկ Թովմաս Յակոբեան

«Սխալ  պիտի ըլլայ «Քորոնա»ի հարցը միայն  քաղաքական  տեսանկիւնէ դիտարկել... եւ  պէտք է  վարակին    դէմ պայքարիլ».Բժիշկ Թովմաս  Յակոբեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Նորվեկիա

հաստատուած բժիշկ Թովմաս Յակոբեանը:

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, «Քորոնա» վարակը միտում ունի՞ համաշխարհային համաճարակ դառնալու: 

«Քորոնա»ի համաճարակ դառնալու միտումները կախուած է անկէ  տառապող երկիրներէն եւ միջազգային առողջապահական գործակալութենէն,  թէ ինչպիսի կարգադրութիւններ կը ձեռնարկեն  վարակին դէմ։  Ներկայիս բոլոր երկիրները իրենց անուղղակի եւ ուղղակի թելադրութիւնները կ'ընեն, եւ եթէ այդ կարգադրութիւնները ճիշդ ձեւով ըլլան, չեմ կարծեր որ «Քորոնա»ն այդքան տարածում ունենայ, ինչպէս որ մամուլով կը ներկայացուի:

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ այս վարակի զարգացումը եւ թէժացումը կապ ունի նաեւ Չինաստանի Ուհան քաղաքի ընդհանուր մաքրութեան պայմաններուն հետ: Արդեօք այդ մէկը կ'ազդէ՞, որ վարակը ուռճանայ եւ այս ծաւալը ստանայ:


Անշուշտ, ինչպէս գիտէք, «Քորոնա»ն որոշ տեսակ չղջիկէ եւ տարբեր կենդանիներէ կը փոխանցուի մարդոց, իսկ Չինաստանի մէջ,  եւ  յատկապէս   այդ երկրին  Ուհան քաղաքին մէջ մարդիկ այդ կենդանիները իրենց առօրեային մէջ կ'օգտագործեն որպէս սննդամթերքի մաս: Այս առումով, այո, մաքրութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի «Քորոնա» ժահրի տարածման պարագային: Բայց ես մաքրութեան հարցը միակ հիմնական պատճառը չեմ համարեր՝ արագ տարածման:

 

-Անհասկնալիօրէն վարակը նաեւ բաւական մեծ ծաւալով տարածուեցաւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան մէջ, այդ մէկը ինչի՞ն կը վերագրէք:


«Քորոնա» ժահրի Իրանի մէջ տարածուիլը տարբեր ուղղութիւններու կը տանի մարդոց ու հետեւողներուն միտքերը, անոր մէջ տեսնելով քաղաքական ենթաթեքստ: Նման մտածումի առիթ կը հանդիսանայ այսօրուան քաղաքական եղելութիւնները, անցուդարձը, պահանջները: Բայց «Քորոնա» ժահրը միշտ եղած է եւ կայ, ըլլայ ռուսական շրջանի, Չինաստանի կամ Իրանի մէջ, այն   հարբուխներու  վարակի  նոյն ընտանիքին  կը պատկանի, բայց նոր սերունդի տեսակ է, ուղղակի այս անգամուան «Քորոնա» ժահրը խառնուրդի մը արդիւնք է:


-Շատեր այս հիւանդութեան առումով քաղաքական ինչ որ ենթադրութիւններ կը կատարեն, ի՞նչ է ձեր կարծիքը: 


Պատահած է ասկէ առաջ, որ քաղաքական ընդհարումներէ ելլելով, որոշ ժահրեր «պատրաստուած են» յատուկ տարրալուծարաններու մէջ եւ ետքը տարածուած: Այս պարագային ես չեմ կրնար հաստատ ըսել, որ այս մէկը եւս քաղաքական հիմքով առաջացած է, բայց քաղաքական հոտ կու գայ անկէ, որոշ մեծ երկիրներու միջեւ քաղաքական ու տնտեսական մրցակցութեան արդիւնքով կրնայ ըլլալ: Բայց բժշկական առումով, ճիշդ չըլլար կեդրոնանալ անոր քաղաքական հիմք ունենալուն վրայ եւ մարդոց փրկելու համար գործ չտանիլ:

 

-Մենք գիտենք նաեւ, որ ժահրը քանի մը օր առաջ մտաւ Հայաստան: Արդեօք այդ մէկը մտավախութիւն կ'առթէ ձեզի: Ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի առողջապահական մարմինները, կանխելու համար տարածումը այս վարակին:


Հայաստան, ինչպէս  ամբողջ աշխարհը կ'ընէ, ինք եւս նոյն ձեւով պիտի դիմագրաւէ այս ժահրի հարցը: Ինչպէս գիտենք, հիմա Հայաստանի մէջ սուր վիճակ չէ, հետեւաբար մտահոգիչ հանգամանք չկայ: Իսկ ով ըսաւ, որ այն որ «Քորոնա» ժահրէ վարակուի, անպայման պիտի մահանայ. Եթէ վարակի փոխանացումը եւ տարածումը կանխող ու առաջքը առնող կարգադրութիւնները ըլլան, բնաւ հարց չենք ունենար: Այսօր վարակուողներու հազիւ 2 առ հարիւրն է, որ վտանգի մէջ է, մնացածի մօտ միջին վտանգ է, կը մնայ որ անոնք բնական միջոցներով իրենց մարմնի դիմադրողականութիւնը բարձրացնեն, ջերմութիւնը բնականոն հունի  մէջ պահեն, հեղուկներ օգտագործեն եւ այդպիսով կրնան յաղթահարել «Քորոնան»:

Հայաստանը հիմա «Քորոնա» ժահրի առումով վտանգաւոր վիճակի մէջ չէ, պարզապէս պէտք է եւ զգուշ ըլլայ դուրսէն եկողներէն: Այս պայմանները եթէ պահպանուին, «Քորոնա»ն վտանգ չեմ համարեր Հայաստանի համար:

 

-Աշխարհը նման վարակներ շատ տեսած է, բայց տարբեր կողմերէ յաճախ մտավախութիւններ կը լսուին եւ մեծ վախեր կան «Քորոնա»ին հետ կապուած, ինչո՞վ կը պայմանաւորէք այդ վախերը:


Այս ժահրի հետ կապուած վախերը կը պայմանաւորեմ ձեր վերը նշած՝ քաղաքական ենթաթեքստ ունենալուն հետ, մանաւանդ, որ այդ պարագային չենք կրնար գիտնալ թէ մինչեւ ինչ մակարդակի կ'ուզեն հասցընել վտանգը:

Վերջերս յայտարարեցին, որ ամերիկահայու մը ընկերութիւնը արդէն պատուաստը գտած է, այդ պատուաստը բոլոր աշխարհին հասանելի ըլլալէն ետք «Քորոնա» ժահրը  կրնայ  կասեցուիլ եւ մարդիկ կրնան պաշտպանուած զգալ, եթէ, անշուշտ, այդ պատուաստը իրօք  արդիւնաւէտ   եւ ազդեցիկ պատուաստ մ՚ըլլայ։ Ի  դէպ որոշ պատուաստներ երբերմն հիւանդին մարմինը աւելի կը տկարացնեն, քանի որ, ինչպէս գիտէք, պատուաստը ինք եւս պատրաստուած կ'ըլլայ «վարակներէ», եւ երբեմն մարդու մարմնի դիմադրողականութիւնը աւելի հեշտ կրնայ պայքարիլ մէկ վարակի դիմաց, քան 2-4 տեսակի դիմաց:

Իմ համոզմամբ, մարդու մարմնի դիմադրողականութիւնը աւելի դիւրութեամբ կրնայ պայքարիլ մէկ վարակի դէմ, քան մի քանի հատի դիմաց: Այս  իմ կարծիքս է, բժշկութիւնը տարբեր դպրոցներ ունի, իմ տեսակէտս փաստած եմ անձնական բժշկական գործունէութեանս փորձառութեան ընթացքին, բայց այն չեմ կրնար պարտադրել ուրիշներու: