image

«Շատեր կ՚ըսեն, որ մօտիկ ապագային Թարթուսը «Ռուսաստանի Տուպայ»ը պիտի դառնայ» Թարթուս հաստատուած Յովիկ Գըլընճեան

«Շատեր  կ՚ըսեն,  որ  մօտիկ ապագային  Թարթուսը  «Ռուսաստանի Տուպայ»ը պիտի դառնայ» Թարթուս հաստատուած Յովիկ Գըլընճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  երկար տարիներ Հալէպ ապրած եւ ներկայիս Թարթուս հաստատուած (արմատներով  քեսապցի)  Յովիկ Գըլընճեան:


-Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք Թարթուս   եւ  ինչպիսի՞ն են ձեր կեանքի    պայմանները։  


Հալէպի պատերազմը իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ բոլոր սարսափելի  տեսարաններով ապրելէ ետք, 2015-ին  Հալէպէն ելանք:  Ըսեմ նաեւ,  որ  Քեսապ  ծնած-մեծցած եմ եւ 1997-ին  ընտանեօք   Հալէպ փոխադրուեցանք։

Հալէպ  փոխադրուելու  հիմնական նպատակը  հայկական  վարժարանի   մէջ  երկրորդական ուսում ստանալն էր։ Աւելի ուշ  2003-ին աւարտեցի «Քարէն Եփփէ Ազգային  Ճեմարան»ը եւ ընդունուեցայ Հալէպի համալսարանի դեղագործութեան բաժին, ուրկէ աւարտեցի 2008-ին:  Համալսարանը չաւարտած արդէն գործ գտած էի «Ասիա» դեղի ընկերութեան մէջ, ուր շարունակեցի աշխատիլ մինչեւ 2012 թուականի օգոստոսը, երբ որ արդէն վիճակը թէժացաւ Հալէպի հիւսիսային արուարձաններուն մէջ, հոն, ուր կը գտնուէր նաեւ գործարանը՝ «Հըրեթան» շրջանին մէջ, որ մինչեւ այսօր ալ չէ ազատագրուած:

Այդ դժուար օրերուն էր, երբ որ ես    առանց  աշխատանքի  մնացի, քանի որ քրիստոնեայ հայ մ՚ըլլալով, յաւելեալ վտանգի մէջ էի։ Այդ  օրերուն   հայերը «սեւ ցուցակ»ի  վրայ էին, տեղի կ'ունենային  հետապնդումներ եւ առեւանգումներ,  հետեւաբար, աւելի ապահով կացութեան մէջ ըլլալու համար ես դադրեցայ գործէն յուսալով, որ պատերազմը շուտով կ՚աւարտի, բայց այդպէս չեղաւ ...։ Անգործ վիճակի մէջ ապրեցանք բոլոր    տեսակի դժուարութիւններ, մինչեւ 2015-մայիսը,  երբ ամուսնացայ եւ ես ու տիկինս անմիջապէս, երկու շաբաթ վերջ, արդէն հեռացանք Սուրիայէն: Հօրեղբօրս օգնութեամբ գացինք իր ապրած երկիրը՝ Ուրուկուէյ, հարաւային Ամերիկա, ի միջի այլոց, յիշեցնեմ, որ հօրեղբայրս ալ հայ եկեղեցւոյ ծառայ է, Էջմիածնական, Յակոբ սրբազան Գըլընճեանը, Ուրուկուէյի երկարամեայ (30 տարիէ աւելի) առաջնորդը. կարճ ժամանակ մը հոն մնալէ ետք, 3 ամիս, չընտելանալով այնտեղի կեանքին,  ետ դարձանք  Հալէպ, նպատակ ունենալով ամէն ինչ  սկսիլ ՝զէրոյէն: Վերադարձի ճանապարհին մէկ ամիս մնացինք Պէյրութի մէջ, ուր արդէն ընտանիքս փոխադրուած էր եւ   ողորմած   հայրս կը քահանայագործէր  Պէյրութի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Շրջան մը Պէյրութ  ապրելէ  վերադարձանք   Հալէպ 2015-ի վերջաւորութեան, յոյս ունենալով արագօրէն նոր աշխատանք մը ճարել։ Անկէ ետք հօրս հիւանդութիւնը մէջտեղ եկաւ եւ  անոր  բուժման համար էր, որ փոխադրուեցանք Դամասկոս։    Ամէն  բան ըրինք  հօրս բուժումը ապահովելու համար, սակայն  ապարդիւն, հայրս հոգին աւանդեց...։Այդ միջոցին,  երբ յստակացաւ, որ Դամասկոսի մէջ պիտի բնակինք շրջան մը,  ես աշխատանք  գտայ   Դամասկոսի   արուարձան համարուող  Սայիտնայա   շրջանի «Ալթրամետիքա» ընկերութեան մէջ։  Ու անկէ  ետք էր որ, ինծի  բախտ  վիճակուեցաւ  աշխատանք  գտնել  այս   անգամ Թարթուսի մէջ, ուր  ստանձնեցի  դեղագործական   նորաբաց ընկերութեան մը   տնօրէնի  բ պաշտօնը։  Անշուշտ մեր փափաքն էր  դարձեալ Հալէպ վերադառնալ, բայց ինչպէս  գիտէք, Հալէպի գործարաններու՝ հիւսիսային շրջանները տակաւին  չեն ազատագրուած... հետեւաբար  շատ դժուար էր  ու տակաւին ալ դժուար է   մտածել Հալէպ վերահաստատուելու   մասին։  

-Գիտենք, որ այսօր Թարթուսի մէջ  մեծ   թիւով  հայեր կ'ապրին, ի՞նչ է անոնց ընդհանուր իրավիճակը, ի՞նչ պայմաններու տակ կ'ապրին,  եւ ինչպիսի՞ն է հայկական ընդհանուր  միջավայրը:


Հայութեան թիւը, այն շրջաններուն մէջ, որոնք  Թարթուսի քաղաքի  տարածքին մէջ    եղող   շրջաններ են, այսինքն  Թարթուս  կեդրոնական քաղաքը, Պանիասը, Մաշթա Հլուն եւ Սաֆիթան,  անոնց մէջ  կ՚ապրին մօտաւորապէս 80 հայ  ընտանիքներ։   Անշուշտ     80   ընտանիքներուն մէջ    30-ը   նախապատերազմեան շրջանին  ալ   Թարթուս  էին,  եւ   մնացած    50  ընտանիքները պատերազմի   հետեւանքով է, որ Թարթուս հասան։ Հին ընտանիքներուն  մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, հայախօս չէ, եւ այս մէկը փոխանցուած է իրենց զաւակներուն, անշուշտ պատճառը յստակ է՝ հայկական դպրոցի  չգոյութեան պատճառով, բոլորը ստիպուած են կառավարական պետական օտար դպրոցներ յաճախել եւ ժամանակի ընթացքին հայախօսութիւնը նահանջած  ու գրեթէ   վերացած է է. անոնք «եան» վերջաւորութեամբ մականուններ ունին, բայց ոչ մէկ բառ հայերէն գիտեն: Անշուշտ այս մէկը  մեր  գլխաւոր մտահոգութիւններէն մին  է,  եւ եթէ   այս ընթացքը  շարունակուի, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ապագային այստեղ նոր հաստատուածներուն եկող սերունդները  նոյն վիճակին մատնուին ... Ու   ասոր համար է նաեւ,    մեծ  ճիգ կը  տանինք   միօրեայ   դպրոց   մը եւ անոր  կողքն ալ  փոքրիկ եկեղեցի մ՚ունենալու համար։  Պարտիմ  նաեւ նշել,   որ  այստեղ շաբաթեայ դրութեամբ  պատարագ տեղի    չունենար, այլ ամիսը մէկ անգամ. ամսուայ վերջին ուրբաթ  օրը  Լաթաքիոյ  ծխատէր  քահանան Թարթուս կը ժամանէ   եւ  յոյն  ուղղափառներու եկեղեցին վարձելով, այնտեղ պատարագ կ'ընենք։  Ունինք    նաեւ  հայկական կեդրոն մը, որ վարձուած սրահ մըն է եւ պատարագէն վերջ այնտեղ կը հաւաքուինք սուրճ մը խմելու, զիրար տեսնելու  համար։

Ինչ կը վերաբերի թարթուսցիներու ընդհանուր վիճակին, բնիկները արդէն իրենց գործերը ունին, ընդհանուր վաճառականութեամբ կամ արհեստագիտական առումով գործերու մէջ են, իսկ Հալէպէն եկողներն ալ իրենց նոյն Հալէպի գործերը  այստեղ կը շարունակեն,  սակայն  ունին  որոշ  դժուարութիւններ։

Դժուարութիւնները բազմակողմանի են,  որովհետեւ   Թարթուսի   մէջ արհեստագիտական արհեստավարժութիւն չկայ,   պարզ   այն պատճառով,  որ Թարթուս  քաղաքի բնակչութիւնը  պետական պաշտօնեայի դրութեան մէջ   է,  այսինքն  կամ  պետական պաղտօնեան   են, կամ  ալ կը նախընտրեն փոքր  աշխատանքներու մէջ ըլլալ։   Այս բոլորէն բացի հայ արհեստաւորը կը դիմագրաւէ  իր    ապրանքատեսակը փոխադրելու  հարցեր...  

Ապահովութեան  առումով   մենք   մտահոգութիւններ չունինք   եւ կրնանք ըսել, որ Թարթուսի մէջ ապահովական վիճակը      կայուն է։

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սուրիոյ ապագան Թարթուսի պատուհանէն: Գիտենք, որ տարաբնոյթ տեղեկութիւններ կան, որ ռուսական ուժեր տեղակայուած են Թարթուսի  մէջ,  այդ բոլորը ձեզի ինչ-որ բան կը յուշե՞ն Սուրիոյ ապագայի մասին եզրակացութիւններ     ընելու  տեսակէտէն։


Ինչպէս,  որ դուք լսած էք, մենք  ալ այդքանը կը լսենք լուրերէն: Բաւական աճ կայ շինարարութեան   մարզին  մէջ, հոս  նոր շէնքեր կը կառուցուին, նոր երկնաքերներ  բարձրացնելու ծրագիրներ կան,  եւ այդ բոլորը կամաց- կամաց սկսած են երեւելի դառնալ։ Թարթուսը   գողտրիկ , հանդարտ քաղաք է, կրնայ ըլլալ ապագային, եթէ ճիշդ ձեւով ընթանայ զարգացումը, շատ մեծ եւ բաւական յառաջացած քաղաք մը կրնայ   դառնալ , ինչպէս որ  շատերը  այսօր  կ՚ըսեն,  թէ Թարթուսը   վաղը  «Ռուսաստանի  Տուպայ»ը պիտի  դառնայ։   



- Վերադառնալով  ձեր սիրելի քաղաք՝ Հալէպին, այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք։ Հալէպի  վերադառնալու  յոսեր կա՞ն  եւ  արդեօք ձեզի կը յուզէ՞ այդ խնդիրը։


Հալէպ վերադառնալու յոյսեր միշտ ալ կան։ Ինչպէս վերը նշեցի, ես Դամասկոսէն վերջ վերադարձի վերջին կանգառս, վերջին փափաքս Հալէպն էր: Միջին Արեւելեան  կտրուածքով  Հալէպը    մեր  ամենաուժեղ  կեդրոններէն մին  է  եւ կը կարծեմ կարիք չկայ   հայկական  Հալէպի   առանձնայատկութիւններուն մասին   խօսելու։   Այս բոլորը   հաշուի առնելէ ետք,  անձնապէս ինծի համար  միշտ   ալ Հալէպ վերադառնալու յոյսը   վառ  է ու  այդպէս ալ պիտի մնայ։

 

Գիտենք, որ  քահանայի  զաւակ էք ու բնականաբար  մեծցած էք քրիստոնէական շունչ   ունեցող օճախի մը մէջ, այդ  առումով  ձեր հօր ներկայութիւնը որեւէ  կերպ ազդած է՞  ձեր անձին  վրայ։Այլ  խօսքով եկեղեցիին մօտ է՞ք։


Փոքր տարիքէս՝ 6 տարեկանէս եկեղեցի կը յաճախեմ եւ եկեղեցիի մէջ մեծցած եմ, եկեղեցական կրթութիւն, շարականասացութիւն սորված եմ: Հիմա ինծի վստահուած է Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ դպրապետութեան պաշտօնը՝ փորձեր, նոր շարականներ սորվեցնել, խումբեր մարզել եւայլն, այսպիսի գետնի վրայ, շատ մեծ սիրով ես այդ պարտականութիւնը կը տանիմ:

 

-Մեծ թիւով հայեր հեռացան Սուրիայէն, պատճառները յայտնի են, դուք ի՞նչ կ'ուզէք իրենց հետ բաժնեկցիլ, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել իրենց:
 

Ինչ կը վերաբերի հեռացող հայերուն, այո, ճիշդ է, մեծ թիւով  հայեր հեռացան եւ մեծամասնութիւնը հեռացաւ ստիպողաբար. Այսինքն, կը վերադառնանք այն նշանաւոր խօսքին որ կ'ըսէ՝ «Ուր հաց, հոն կա՛ց»: Ամէն մէկը իր պարագան ունէր, շատեր կորսնցուցին իրենց տուները, գործատեղիները, հարազատները, անոր համար բոլորին յաջողութիւն կը մաթեմ , ոչ մէկը կ'այպանեմ հեռանալու համար, ոչ ալ կը քաջալերեմ մէկուն, որ հեռանայ կամ վերադառնայ, այդ մէկը անձնական որոշում է, ամէն մարդ ինչպէս որ յարմար կը տեսնէ տնօրինելու իր կեանքը։  Ի վերջոյ  ես բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ, յուսանք անցեալի լաւ  օրերը ետ կը  դառնան,  եւ  բոլորս  դարձեալ  Հալէպի մէջ  կը հաւաքուինք, ու միասին  կը շարունակենք մեր կեանքը։