image

Պահպանելու համար մեր արժէքները.Հաստատուած է «Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»

Պահպանելու համար մեր արժէքները.Հաստատուած է «Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»

Վերջերս  իր աչքերը յաւերժին փակած, Տիկն. Մարի  Պապիկեանի յիշատակը եւ անոր դաւանած  բարձր արժէքները պահպանելու համար  ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուած է «Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»ը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալի ընտանիքը  այս  առթիւ հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

 Պապիկեան ընտանիքը, ի յիշատակ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի, որոշած են հաստատել յատուկ հիմնադրամ մը, որ պիտի աջակցի հայ կրթութեան ոլորտին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրներուն։

Այս որոշումին տուն տուող հիմնական շարաժառիթը կը հանդիսանայ հանգուցեալ Մարի Պապիկեանին տասնամեակներ շարունակ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ինքնանուիրումը եւ յատուկ աւանդ վաստակած իր հայ մօր տիպարը։

Պապիկեան ընտանիքը նաեւ նկատի ունեցած է իրենց հանգուցեալ մօր կտակած ուղերձը՝ հայախօսութեան , հայ լեզուի իմացութեան եւ հայ գրականութեան իրազեկման համար անդուլ աշխատելու առաքելութեան շարունակումը։

Հիմնադրամի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք յառաջիկային։