Սէուտական Արաբիա յոյս ունի, որ փտածութեան մէջ կասկածուող կալանաւորուած էլիրներուն հետ համաձայնագիրներ կնքելով 50-100 միլիառ տոլար կը վերադարձնէ պետական գանձարան, կը յայտնէ «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, կալանաւորուած էմիրներէն մէկ քանին արդէն իսկ կնքած են նման համաձայնագիրներ, դատավարութենէ խուսափելու համար, միաժամանակ խնդրելով չբացայայտել իրենց ինքնութիւնը:
Համաձայնութեան գալու պարագային, յատուկ այս նպատակով ստեղծուած յանձնաժողովին հետ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան, յստակեցնելու համար կասկածեալներու հարստութեան մաս կազմող այն գումարները միայն, որոնք ապօրինի միջոցներով ձեռք բերուած են:
Տնտեսագէտ Ժան Միշէլ Սալիպայի կարծիքով, կասկածեալներէն վերադարձուած գումարները մեծապէս պիտի նպաստեն Կեդրոնական դրամատան տարադրամի պահեստային պիւտճէին, որ 2014 թուականին իր նուազագոյն շեմէն 260 միլիառ տոլարի անկում ապրած էր: