image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Չարչեան պիտի մնայ կալանաւորուած

Արմէն Չարչեան պիտի մնայ կալանաւորուած

Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Լուսինէ Աբգարեանի, 8 Յուլիսին, մերժեց «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, բժիշկ Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը։

Յիշեցնենք, որ Չարչեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի յատկանիշներով՝ ընտրողներուն կաշառք տալը, ստանալը, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտումը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելը։

Անոր կալանաւորելու որոշում կայացուցած է առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեանը։ Ան գտած էր, որ քննութեան խոչընդոտելու հիմքն առկայ է։

Նշենք, որ Չարչեանը ձերբակալելը դատարանը ճանչցած էր ոչ իրաւաչափ։ Ան ազատ արձակուելէ ետք ասուլիս տուած էր, որու ժամանակ անդրադարձած էր յարուցուած քրէական գործին ու պնդած, որ այն «կարուած գործ է»։

Յիշեցնենք, որ համացանցի մէջ տարածուած էր ձայնագրութիւն մը, ըստ որու Չարչեանը բժշկական կեդրոնի իր աշխատակիցներուն կը յորդորէր՝ մասնակցիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Ըստ պաշտպանական խումբի՝ դատարան ներկայացուած է այդ ձայնագրութեան մոնթաժուած տարբերակը, ամբողջական տարբերակին մէջ, ըստ պաշտպաններու, սպառնալիք կամ ճնշում չէ գործադրուած իր աշխատակիցներու նկատմամբ։