image

Սեպտեմբեր 1-ին նախագահականի այգին բաց պիտի ըլլայ երեխաներուն համար

Սեպտեմբեր 1-ին նախագահականի այգին բաց պիտի ըլլայ երեխաներուն համար

Գիտելիքի ու դպրութեան օրուան եւ նոր ուսումնական տարուան մեկնարկի առթիւ 1 սեպտեմբերին՝ ժամը 14:00-18:00-ը, հանրապետութեան նախագահի նստավայրի (Մաշտոցի 47) դարպասները պիտի բացուին երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն առաջ:

Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ անոնց տրամադրութեան տակ պիտի ըլլան նախագահական նստավայրի բացօթեայ տարածքն ու յարակից այգին: 

Մինչ այդ, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի աջակցութեամբ, նախագահի նստավայրի առաւօտեան հիւրերը պիտի ըլլան մանկատուներու, յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու խնամքի կեդրոններու սաները, սոցիալապէս անապահով ընտանիքներու երեխաները: