image

Սահմանին հակառակորդը կը փորձէ կասկածելի աշխատանքներ իրականացնել. Իսկ բանակը արգելք կը հանդիսանայ. Շ. Ստեփանեան

Սահմանին հակառակորդը կը փորձէ կասկածելի աշխատանքներ իրականացնել. Իսկ բանակը արգելք կը հանդիսանայ. Շ. Ստեփանեան

Հակառակորդը կը փորձէ նոր ամրաշինական աշխատանքներ ծաւալել, որ, բնականաբար, չի նպաստեր սահմանի վտանգներու նուազեցման: Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«ՀՀ զինուած ուժերը կը կասեցնեն նման գործողութիւնները եւ միաժամանակ կը ձեռնարկեն համապատասխան միջոցներ՝ հետագայ սրացումները կանխելու համար»,- ըսած է Ստեփանեանը:

ՊՆ խօսնակն ընդգծած է՝ հայկական Զինուած ուժերը որեւէ գիւղի ուղղութեամբ կրակ չեն վարած:

Ստեփանեանը նաեւ չէ բացառած այն, որ հակառակորդի աշխոյժութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ իրականացուող համատեղ հայ-ռուսական վարժանքներուն հետ:

Նշենք, որ աւելի վաղ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ իբրեւ թէ հայկական զինուած ուժերը կը փորձեն սրել իրավիճակը՝ խախտելով հրադադարի ռեժիմը Թովուզի ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս կրակ բանալով Ալիպէյլի գիւղի ուղղութեամբ: