Անցած գիշեր արցախեան սահմանին արձանագրուած է լարուածութեան աճ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ հակառակորդը հրանօթներէ, ականանետերէ, նռնականետերէ ու տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 950 կրակոց:
Ազրպէյճանական զինուժը արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է Դ-44 տիպի հրանօթներ` արձակելով 13 արկ, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով` ականանետեր ու նռնականետեր` ընդհանուր առմամբ արձակելով 49 արկ, որուն 41-ը ականանետերէ, 8-ը` նռնականետերէ: