image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին Ազրպէյճանական կողմը 2200 կրակոց արձակած է

Սահմանին Ազրպէյճանական կողմը 2200 կրակոց արձակած է

Անցած գիշեր արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է  աւելի քան 120 անգամ, որու ընթացքին հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2200 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։ 


Առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով, ուր ազրպէյճանական զինուժը ականանետերէ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է ընդհանուր առմամբ 15 արկ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: