Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին ժամանեց Երեւան՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրագոյն խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով:
ՌԴ նախագահը Հայաստան ժամանեց Ֆրանսայէն, ուր մասնակցած էր Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի վերջին հրաժեշտի արարողութեան։
Ռուսաստանի առաջին դէմքը Երեւանի մէջ ԵԱՏՄ ժողովներէն բացի հանդիպումներ պիտի կայացնէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ ԻԻՀ Առաջնորդ Հասան Ռուհանիի հետ։