image

Խորհրդային Միութիւնը պիտի մնայ նախկին. Փութինն է յայտարարողը

Խորհրդային Միութիւնը պիտի մնայ նախկին. Փութինն է յայտարարողը

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Ռոսիա-24» հեռուստաընկերութեան եթերին իր կարծիքը յայտնած է նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն մէջ իրավիճակի մասին: Այս մասին գրած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:

ՌԴ նախագահը նշած է, որ ժամանակակից Ռուսաստանը ճանչցած է այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները:

«Մենք, բնականաբար, անհանգստացած ենք սպառնալիքներէ, որոնք կրնան ինչ-որ տեղ ծագիլ»,-ըսած է Փութին:

Միեւնոյն ժամանակ, նախագահը ընդգծած է որ նախկին ԽՍՀՄ շատ հանրապետութիւններու հետ, որոնց շարքին, օրինակ, Ղազախստանն է, Ռուսաստանը դաշնակցային եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: Կայ ՀԱՊԿ-ը, տնտեսական միութիւններ:

«Բայց մենք ոչ մէկուն կը քաշենք այնտեղ: Կը կրկնեմ, մենք կը փնտռենք փոխզիջումային ուղիներ, որոնք կը յանգեցնեն մեր գործընկերները բաւարարող իրավիճակի»,-ըսած է Փութին`նշելով, որ բանակցային գործընթացը միշտ ալ դժուար է, բայց «մենք համբերութեամբ կը լեցուինք եւ կը փնտռենք ընդունելի լուծումներ բոլորիս համար»:

Որպէս օրինակ ան բերած է Եւրոպական միութիւնը, որ կը զարգանայ, բայց միեւնոյն ժամանակ այն չեն համեմատեր Խորհրդային Միութեան հետ:

«Սա կամաւոր հարց է, մենք բաւականին գոհ կ'ըլլանք, եթէ բարեկամական կայուն յարաբերութիւններ ունենանք նոյնիսկ երկկողմ ձեւաչափով, մենք պատրաստ ենք ատոր, կը կրկնեմ՝ ճանչնալով այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները»,-ըսած է Փութին ՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստանը պատրաստ է նաեւ ԽՍՀՄ նախկին հանրապետութիւններու հետ աւելի խոր համագործակցութեան:

Նաեւ, ըստ Փութինի, Ռուսաստանը կը տեսնէ, որ սկսած է Ուքրանիոյ ռազմական իւրացումը: Այնուամենայնիւ, ան յոյս  յայտնած է, որ այդ մտահոգութիւնները լուրջ կ'ընկալուին այդ քայլին դիմողներու կողմէ:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը ընդգծած է, որ Ռուսաստանի համար կարեւոր է երկրի համար խնդիրներ ու սպառնալիքներ չստեղծելը: «Իսկ մենք կը տեսնենք, որ այս տարածքի (Ուքրանիա) ռազմական իւրացումը սկսած է: Այդ է մեզ անհանգստացնողը: Ես արդէն բազմիցս խօսած եմ այդ մասին: Կը կարծեմ, որ մեր մտահոգութիւնները, ի վերջոյ, կը լսեն անոնք, որոնք կը դիմեն այդ քայլին»,-ըսած է Փութին: