image

Ռուսական ուժերը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ

Ռուսական ուժերը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ

Ռուսական օդուժի նախկին հրամանատար, «Դաշնային խորհուրդ»ի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Վիքթոր Պենտարեւ յայտնած է, որ Ռուսիա մտադիր է Սուրիոյ քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ու ներքին կարգ ու կանոնը պահպանելն ապահովելու չափով զօրքեր պահել երկրին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, Ռուսիա մտադիր է կրճատել իր զինուորներու թիւը Սուրիոյ մէջ: Այսինքն այնտեղ պիտի շարունակեն մնալ ռազմական ոստիկանութեան որոշ ուժեր, ռազմական խորհրդականներ, եւ քիչ թիւով զինուորներ, որոնք բաւարար են Հումայհեմի եւ Թարթուսի մէջ ռուսական ռազմակայանները պաշտպանելու համար:

Պենտարեւի յայտարարութեան համաձայն, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ երկու տարի առաջ մեկնարկած ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով Սուրիոյ 95 տոկոսը ազատագրուած է վերջինիս տիրապետութենէն, հետեւաբար բնական է, որ ազատագրման աշխատանքներն աւարտին հասցնելու, ինչպէս նաեւ ազատագրուած տարածքները պաշտպանելու նպատակով որոշ ուժեր պահուին այնտեղ:

Իր հերթին Տումայի խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Լիոնիտ Սլութսքի յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ իրականացուող ռազմական գործողութիւններուն հետ կապուած որեւէ յայտարարութիւն պէտք է բացառապէս Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուի: