image

Ռուսական «Թոս- 1» Հրթիռը Կրնայ Խաղի Նոր Կանոններ Թելադրել Սուրիոյ Մէջ

Ռուսական «Թոս- 1» Հրթիռը Կրնայ  Խաղի  Նոր Կանոններ Թելադրել Սուրիոյ   Մէջ

Սուրիա- ( «Ալ Տիար» - Պէյրութ )-  Առաջին անգամը չէ, որ ռուսական զէնքը  իր վրայ  կը կեդրոնացնէ  միջազգային լրատուադաշտը:Այս ծիրին մէջ    վերջին օրերուն կը խօսուի   ռուսական «Թոս-1» (Պուրաթինօ) համակարգի իւրայատկութեան մասին , որ իր  հզօրութեամբ կրնայ ստիպել Միջազգային Դաշնակցութեան մաս կազմող երկիրներուն վերատեսութեան ենթարկել իրենց  մօտեցումները Սուրիոյ  մէջ ընթացող պատերազմի առընթեր: Ամերիկեան   աղբիւրներ  նաեւ կը նշեն, որ  «Թուս-1» նոր համակարգի մէկ հարուածային շարժումը բաւարար է քանի մը թաղամասեր ոչնչացնելու: Հաղորդագրութիւնները մատնանշած են, թէ  Ռուսիոյ կողմէ հրթիռարձակ «Թոս-1»ի տարածումը պիտի փոխէ կռիւի ընթացքը, եւ պիտի ստիպէ դաշնակից երկիրներուն փոխել «խաղի օրէնքները» Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանրապէս: Այս ուղղութեամբ ամերիկացի վերլուծաբանները հաստատած են, որ այս համակարգը սովորական ինքնաշխատող հրետանի չէ, այլ առաջին հերթին նպատակաուղուած է հսկայ հրթիռներ արձակել փակ վայրերու եւ լեռնային շրջաններու մէջ գտնուող թիրախներու  վրայ: Անոնք նշած են նաեւ, որ «Պորաթինօ»ի մէկ շարժումը կրնայ 200-400 քմ տարածութեան վրայ գտնուող թիրախներ կործանել, որոնց մարմինները հարուածի արդիւնքով տեղւոյն վրայ ծուխ բարձրացնող փլատակներու կը վերածուին: