image

Ռոպէրթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի գործով

Ռոպէրթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի գործով

«Մարտի 1»-ի գործով Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը,  կը տեղեկացնէ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պաշտօնական կայքը:

Միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Ռոպէրթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

Նշենք, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավար նշանակուած Սասուն Խաչատրեանը յայտարարած է, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՀՔԾ) քաղաքական կամք ունի՝ «Մարտի 1»-ի գործը բացայայտելու։

Այս ամսուան սկիզբը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը «Մարտի 1»-ի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։