image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան.2 հայերու դէմ մեղադրանք լրտեսութեան մէջ

Ատրպէյճան.2 հայերու դէմ մեղադրանք  լրտեսութեան մէջ

 

Ատրպէյճանի մէջ աւարտած է երկու հայու նկատմամբ քրէական գործի հետաքննութիւնը։

 

Դաւիթ Տիգրանի Դաւթեանը եւ Գէորգ Ռուբէնի Սուճեանը մեղաւոր ճանչցուած են Ատրպէյճանի Քր. Օր. 276 յօդուածով (լրտեսութիւն), կը տեղեկացնէ haqqin.az-ը։

Նախնական հետաքննութիւնը աւարտած է, նիւթերն ուղարկուած են Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարան։ Քրէական գործը յանձնուած է դատաւոր Ալի Մամետովի վարոյթին։ Գործով նախնական լսումները նշանակուած են 15 Յուլիսին։