Սեպուհ Կիրակոսեան եւ Ռիթա Խաչատուր նշանուած են: Արարողութիւնը եղած է հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գտնուի Սեպուհ՝ անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու համար: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան MTV կայանը, որ կարճ լրատուութիւն մը կատարելով նշած է, թէ երիտասարդ զոյգերը իրենց այս քայլով պատրաստակամութիւն ցոյց տուած են կեանքը միասին շարունակելու:
Կայքը գրած է. «Անոնք այս քայլով ցոյց տուին, որ հերոսութիւնը միայն մարտադաշտի վրայ չէ, որ կ'արտացոլայ այլ նաեւ կարեւոր ու կենսական է մարտադաշտի յաղթական ոգին պահպանել կեանքի մէջ»:
Յիշեցնենք, որ լիբանանեան բանակի հայազգի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած էր «Ռաս Պաալպէք» շրջանին մէջ «Տահէշ»ի դէմ ընթացող մարտերուն ընթացքին: Սեպուհի պատասխանատու սպան պատմած է, որ հայ զինուորը իր արի կեցուածքով եւ իր կեանքը վտանգի ենթարկելով փրկած էր մի քանի այլ զինուորներու կեանքը:
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, ի շարս այլ զինուորներու այցելած էր Սեպուհին՝ անոր մաղթելով ապաքինում եւ կորով: