Շաբաթ, 27 Օգոստոսին, վիրաւոր Հալէպի ծոցին մէջ ծնունդ առած սիրոյ պատմութիւն մը մարմին ստացաւ, «Ռատիօ Երազ»ի ժրաջան աշխատակից` Անդրանիկ Մանսուրեանի եւ Ցոլեր Ապաճեանի միացումով: Խօսեցեալ զոյգը հայկական պատուաբեր օճախ մը կազմելու հեռանկարով իրենց թաքուն ապրումները վաւերական դարձուցին ընտանեկան հարազատ մթնոլորտի մը մէջ, այն հաստատ համոզումով, որ Հալէպը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի անդորրը եւ խաղաղութեան արեգակը պիտի շողայ անոր երկնակամարին վրայ:
«Արեւելք» ջերմապէս կը շնորհաւորէ Անդրանիկի եւ Ցոլերի խիզախ քայլը, եւ կը մաղթէ անոնց, որ միշտ ըլլան հաստատ, շէնշող խոստումներով եւ ապրումներով` անկեղծ, միասնաբար շարունակելու կեանքի ճանապարհը եւ արժանանալու Ս. Պսակի Խորհուրդին: