image

Ռիթա եւ Սեպուհ՝ խօսեցեալք

Ռիթա եւ Սեպուհ՝ խօսեցեալք

Սեպուհ Կիրակոսեան եւ Ռիթա Խաչատուր նշանուած են: Արարողութիւնը եղած է հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գտնուի Սեպուհ՝ անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու համար: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան MTV կայանը, որ կարճ լրատուութիւն մը կատարելով նշած է, թէ երիտասարդ զոյգերը իրենց այս քայլով պատրաստակամութիւն ցոյց տուած  են կեանքը միասին շարունակելու:

Կայքը գրած է. «Անոնք այս քայլով  ցոյց տուին, որ հերոսութիւնը միայն մարտադաշտի վրայ չէ, որ կ'արտացոլայ այլ նաեւ կարեւոր ու կենսական է մարտադաշտի  յաղթական ոգին պահպանել կեանքի մէջ»:

Յիշեցնենք, որ լիբանանեան բանակի հայազգի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած էր «Ռաս Պաալպէք» շրջանին մէջ «Տահէշ»ի դէմ ընթացող մարտերուն ընթացքին: Սեպուհի պատասխանատու  սպան  պատմած է, որ հայ զինուորը իր արի կեցուածքով եւ իր կեանքը վտանգի ենթարկելով փրկած էր մի քանի այլ զինուորներու կեանքը:

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, ի շարս այլ  զինուորներու այցելած  էր Սեպուհին՝ անոր մաղթելով ապաքինում  եւ կորով: