image
Հրատապ լուրեր:

Քընէսէթի այսօրուան քննարկումը տարբեր է. Դիւանապետ

Քընէսէթի  այսօրուան քննարկումը    տարբեր է. Դիւանապետ

«Քընէսէթի  կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  հարցով  մինչեւ այս պահը յստակ պատասխան մը կարելի չէ տալ»,- «Արեւելքին ըսաւ  Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան: Վարդապետը, որ կը վարէ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի դիւանապետի պաշտօնը,  նշեց,  որ  անցնող օրերուն  Թէլ Աւիւ-Անգարա  մերձեցումը եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման սկիզբը  կրնայ ժխտական  կերպով ազդել այս խնդրին վրայ: Հայր Սուրբը, պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին, թէ արդեօ՞ք  համայնքի քայլերը ուշացած են   խնդրին  լուծում մը տալու առընթեր,  մանաւանդ, որ    Անգարա եւ Թէլ Աւիւ անցնող  վեց  տարիներու  ընթացքին լուրջ լարուածութիւն մը  կ'ապրէին, պատասխանեց. «Ո՛չ  այդպէս չէ, սաղիմահայ  համայնքը   մեծ  ճիգեր իրագործեց, որ Քընէսէթը  ճանչնայ Հայոց  Ցեղասպանութեան փաստը, բայց եւ այնպէս   խնդրին լուծումը կը գտնուի  իսրայէլեան   կողմին մօտ եւ     Թէլ Աւիւ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով կը հրաժարի  նման քայլ մը առնելու»: «Մինչեւ հիմա   եղած բոլոր քննարկումները   եղած են  փակ, բացի  Քնէսէթի կրթական  յանձնաժողովէն,  որուն քննարկումին նոյնպէս  ներկայ եղած են սաղիմահայութեան ներկայացուցիչներ: Տեղի ունենալիք  քննարկումը   ամէն տարուան եղած քննարկումներէն  կը տարբերի, որովհետեւ      այսօրուան նիստին քննարկման պիտի դրուի   Քընէսէթի   կրթութեան   յանձնաժողովին կողմէ     ժողովին  ուղարկուած  յանձնարարականը , ուր    յանձնաժողովի անդամներ  ուղղակիօրէն Քընէսէթին   կը յորդորեն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Ան նշեց, որ   իսրայէլեան  ժողովրդային մակարդակի վրայ  դրական  նշաններ կան,  եւ   քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք պատրաստ  են       ճանչնալ  հայ ժողովուրդին    դէմ կատարուած մեծագոյն ողբերգութիւնը: Ըստ  Տ. Կորիւն Վարդապետին,  Իսրայէլի  պէս երկրի մը մէջ աւելի ճիշդ է, որ      ժողովուրդը ինք  հասկացողութիւն ցուցաբերէ այս խնդրին եւ    ճանչնայ  Հայոց  Ցեղասպանութիւնը առանց ճնշումներու:  «Գիտէք քաղաքական  կեանքին մէջ     քէն պահելու  կամ նեղանալու հարց  չպէտք է տեսնել ու այս առումով է նաեւ, որ մենք որպէս համայնք   պէտք է պատրաստ ըլլանք յոռեգոյնին ու շարունակենք մեր պայքարը»:   Տ. Կորիւն    նաեւ  ըսաւ, որ իր  ունեցած տեղեկութիւններով,  համայնքի անդամներէն զատ    այսօր   մեծ թիւով հրեաներ, որոնք   հասկացողութիւն   կը ցուցաբերեն  հայութեան  խնդիրներուն, ներկայ պիտի ըլլան  բողոքի հաւաքին:  «Մեզի համար   շատ կարեւոր է, որ  այսօր     տեղի ունենալիք  ցոյցին հայերէն  աւելի  տեղացի հրեաներ ներկայ ըլլան   եւ անոնք   հայասէր մտաւորականներու  առաջնորդութեամբ   Քընէսէթէն պահանջեն  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը» եզրափակեց   Տ.   Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան: