«Իսրայէլի խորհրդարանէն մեր ակնալիքները այլ էին»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Երուսաղէմի Հայ Դատի նախկին ատենապետ Սերոբ Սահակեան: Սահակեան, որ այսօր կը գլխաւորէր սաղիմահայութեան կողմէ կատարուած բողոքի հաւաքը նաեւ նշեց, որ «այսօրուան կարեւոր նորութիւնն այն էր, որ շուրջ 200 հոգիներէ բաղկացած բողոքի հաւաքին 80 առ հարիւրը հրեայ երիտասարդներ էին, բան մը, որ արժանի է ուշադրութեան»: Սաղիմահայ գործիչը նաեւ ըսաւ, որ իրենց ակնկալիքն էր, որ Քընէսէթը այսօր բաց քննարկման դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ «այդպիսով մեզի համար անգամ մը եւս պիտի գողազերծուէր Իսրայէլ պետութեան իրական դէմքը»: Ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարան տարուած էր ձախակողմեան «Մէրէց» կուսակցութեան առաջարկով եւ այդ կուսակցութեան հայամէտ ներկայացուցիչ Զահավա Կալոն, զիրենք յորդորած էր յաւելեալ աղմուկ չբարձրացնել Քընէսէթի առած որոշումին դիմաց: Նշենք, որ Քընէսէթի մէջ այսօր կայացած քննարկման ընթացքին 120 պատգամաւորներէն նիստին ներկայ եղած են 24 պատգամաւորներ եւ հնչած են ելոյթներ: Նախքան նիստին փակուիլը, Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչ նախարար Ցախի Հանէքպին առաջարկած է այս խնդիրը տեղափոխել կրթութեան յանձնաժողով նկատել տալով, որ նման հարցերու քննարկումը աւելի նպատակայարմար է կատարել կրթական յանձնաժողովին մօտ:
Յիշեցնենք, որ մինչ Քընէսէթի մէջ քննարկումներ կը կատարուէին անոր շրջափակին մէջ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ կը կայացուէր բողոքի հաւաք Իսրայէլի կառավարութիւնէն պահանջելով ճանչնալ 101 տարի առաջ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: