image

«Քորոնա»ի տագնապ. Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Պէյրութի հայկական թաղամասերուն մէջ (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

«Քորոնա»ի տագնապ. Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը  Պէյրութի հայկական թաղամասերուն մէջ  (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Ինչպէս ամբողջ Լիբանանի, այնպէս ալ Պէյրութի հայկական թաղամասերը ենթակայ են Լիբանանի պետութեան կողմէ հաստատուած առողջապահական արտակարգ դրութեան։

Նշենք  նաեւ, որ մասնաւորապէս Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի, Հայ  Կաթողիկէ եւ Աւետարանական  համայնքներու վերահսկողութեամբ գործող մարմիններ կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնեն պայքարելու համար «Քորոնա» վարակին  տարածման  դէմ։

Անշուշտ  այդ աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՚իյնայ պետական, ազգային եւ միութեանական կեդրոններու (որոնց մէջ նաեւ հայկական  եկեղեցիները) ամբողջական հականեխումը եւ մաքրութեան պայմաններու պահպանութիւնը։

Ի դէպ «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրը այս առաւօտ շրջեցաւ Տորայէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ներքին թաղամասերը  երկարող փողոցները,  ուր ակնյայտ դարձած է ընդհանուր  անդամալուծութիւնը, շրջանի մը մէջ, որ կը համարուի Պէյրութի ամէնէն բանուկ շրջաններէն մին։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը այսօր հասած է 131-ի, կան 4 զոհեր եւ 3 բուժուածներ։



 


 


 

 

 

 

 

 


 

 

 

Լուսանկարները եւ տեսանիւթը ՝ «Արեւելք»ի