Նոր «քորոնա» ժահրի դէմ Չինաստանի առողջապահական հաստատութիւնները կը նախապատրաստեն 5 տարբեր տեսակի պատուաստանիւթ։ Անոնցմէ այն տարբերակները, որոնք արդիւնաւէտ ու անվտանգ կ'ըլլան, կիրառման մէջ պիտի դրուին ապրիլին։ Այս մասին յայտարարած են Չինաստանի մէջ պատուաստանիւթ փնտռող պետական գերատեսչութենէն։
Այս պահի դրութեամբ նոր «քորոնա» ժահրի վարակակիրներու քանակն ամբողջ աշխարհի մէջ մօտ 100 հազար է։
Ասոր զուգահեռ, յիշեցնենք, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ նոյնպէս կ'իրականացուին նոյնպիսի հետազօտութիւններ։ Ամերիկեան պատուաստանիւթը, ըստ մամուլի հրապարակումներու, ներկայիս կը փորձարկուի կամաւոր մարդոց վրայ: