image

«Քորոնա»ի արանքէն. ԱՄՆ-Չինաստան զիրար «կը փորձեն»

«Քորոնա»ի արանքէն. ԱՄՆ-Չինաստան զիրար «կը փորձեն»

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն նախազգուշացուցած է Չինաստանը, որ ան «ապատեղեկատւութիւն չտարածէ նոր «քորոնա» ժահրի մասին»։

Ինչպէս կը յայտնէ Պետական բաժանմունքը, Չինաստանի արտաքին քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեայ Եան Ցզեչիի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փոմփէօն հանդէս եկած է «COVID-19-ի մեղքը Միացեալ Նահանգներու վրայ բարդելու» Չինաստանի փորձերու դէմ «լուրջ առարկութիւններով։

Փոմփէօն «ընդգծած է, որ հիմա ապատեղեկատւութիւն եւ վայրենի լուրեր տարածելու ժամանակը չէ, այլեւ այն ժամանակն է, երբ բոլոր երկիրները պէտք է միաւորուին այդ ընդհանուր սպառնալիքի դէմ պայքարին»։

Չինաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչ Չժաո Լիցզեանը անցեալ շաբաթ իր թուիթներուն մէջ ենթադրած էր, որ համաշխարհային համավարակի «զէրոյական հիւանդը», հնարաւոր է, եկած է Միացեալ Նահանգներէն, ոչ թէ չինական Ուհանէն, ուր առաջին անգամ գրանցուած են հիւանդութեան դէպքերը։

Փոմփէօն ինքը ձգտած է կապել Չինաստանը համաշխարհային համավարակի հետ՝ բազմիցս SARS-CoV-2-ը անուանելով «Ուհանի վիրուս»՝ հակառակ առողջապահութեան մասնագէտներու խորհուրդներուն, որ այդպիսի աշխարհագրական նշումները կրնան խարանի պատճառ դառնալ։

Գիտնականները կը կասկածին, որ վարակն առաջին անգամ յայտնուած է Ուհանի միսի շուկային մէջ , ուր հազուագիւտ կենդանիներ կը մորթեն։