image

«Քորոնա» վարակ. Արդեօք այն մահաբե՞ր է

«Քորոնա» վարակ. Արդեօք այն մահաբե՞ր է

Որքանո՞վ «քորոնա» ժահրը վտանգաւոր է մարդու համար: Որքա՞ն է հաւանականութիւնը մահանալու անոր հետեւանքով: «Քորոնա» ժահրի տարածման զուգընթաց այդ հարցերը այսօր կը հետաքրքրեն միլիոնաւոր մարդոց ամբողջ աշխարհով:

Իրականութեան մէջ, «քորոնա» ժահրի վտանգաւոր ըլլալու աստիճանը կախեալ է հիւանդէն: Երեխաներու համար, օրինակ, «քորոնա» ժահրը լուրջ վտանգ չի ներկայացներ. նոյնիսկ եթէ անոնք վարակուին, լուրջ ախտանշաններ եւ բարդութիւններ, որպէս կանոն, չեն ունենար: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել մեծերու մասին, յատկապէս, որոնք ունին քրոնիկ հիւանութիւններ. անոնց մօտ «քորոնա» ժահրի հետեւանքով բարդութիւններ ունենալու հաւանականութիւնը բաւական բարձր է:

Չինացի գիտնականներու տուեալներով՝ «քորոնա» ժահրի մահացութիւնը 10-50 տարեկաններու մօտ  կը կազմէ 0,2-0,4 տոկոս: 50 տարեկանէն բարձր՝ ցուցանիշը կը մեծնայ  կը բարձրանայ մինչեւ 1,3 տոկոս, 60-էն յետոյ՝ կը հասնի 3,6 տոկոսի, իսկ 70-էն՝ 8 տոկոսի, 80 տարեկանէն յետոյ՝ ընդհուպ մինչեւ 14,8 տոկոսի: Չինաստանի Առողջապահութեան ազգային յանձնաժողովի հաղորդմամբ՝ Չինաստանի մէջ «քորոնա» ժահրէն մահացած մարդոց 80 տոկոսը 60 տարեկանէն մեծ էր:

Այդ կապուած է ոչ միայն այն փաստի հետ, որ տարիքի հետ մարդոց դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ, այլ նաեւ՝ անով, որ ծերութեան շրջանին մարդը սովորաբար կ'ունենայ բազմաթիւ քրոնիկ հիւանդութիւններ, օրինակ, բարձր ճնշում, շաքարախտ կամ թոքերու խնդիրներ: Բոլոր այդ հիւանդութիւնները կը վատթարացնեն COVID-19-ի ընթացքը, կը յիշեցնէ The Daily Mail-ը:

Ըստ մասնագէտներու տեղեկութիւններուն, «քորոնա» ժահրէն տղամարդիկ կը մահանան շուրջ 2 անգամ աւելի յաճախ, քան կանայք. Չինաստանի մէջ տղամարդոց մօտ մահացութեան մակարդակը կը կազմէ 2,8 տոկոս՝ ի տարբերութիւն կանանց՝ 1,7 տոկոսի: Այդ տարբերութիւնը կարելի է բացատրել ինչպէս դիմադրողական համակարգի տարբերութիւններով, այնպէս ալ անով, որ տղամարդիկ յաճախ կը վարեն պակաս առողջ կենսակերպ (օրինակ՝ աւելի շատ կը ծխեն), ինչը իրենց կը դարձնէ աւելի խոցելի:

«Չինաստանը յաջողած է հասնիլ համաճարակի դադրեցման, կրկին վարակուածներու թիւը կայուն անկում կ'արձանագրէ, -կ'ըսէ Լոնտոնի կայսերական քոլեճի բժշկական բաժնի փրոֆեսըր Նիլ Ֆերկիւսընը: -Իտալիոյ մէջ ժահրը այժմ կը տարածեն երկրով մէկ տեղաշարժող հազարաւոր մարդիկ, Իրանի մէջ՝ տասնեակ հազարաւոր, եթէ ոչ աւելի: Մենք հաշուած ենք եւ տեսած, որ վարակուածներու 1 տոկոսը կը մահանայ, սակայն կրնայ 4 անգամ աւելի կամ պակաս ըլլալ: 1957-1968 թուականներուն, կրիփի ծանր համաճարակներու դէպքերուն մահացութիւնը կազմած է 0,25 տոկոս, իսկ 1918 թուականի Սպանական կրիփի դէպքին՝ 4 տոկոս. այդ ժամանակ մահացած է 40-50 մլն մարդ»: