ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը քիչ առաջ միջնորդութիւններ ներկայացուցած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան։
Ինչպէս կը մանրամասնեն փաստաբանական խումբէն, միջնորդութիւնները կը վերաբերին Ռ․ Քոչարեանին խափանման միջոց կալանքը անմիջապէս վերցնելու եւ քրէական հետապնդումը դադարեցնելուն։
Պաշտպանները նաեւ դատարանի նախագահին ուղղուած գրութեամբ խնդրած են ապահովել, որ ներկայացուած միջնորդութիւնները անմիջապէս յանձնուին եւ քննութեան առնուին։
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանը 4 Սեպտեմբերին որոշում կայացուցած էր.
1. ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 35-րդ յօդուածը սահմանադրականութեան ուժով յատուկ պաշտպանութեամբ օժտուած պաշտօնատար անձերու գործառոյթներուն անձեռնմխելիութիւնը՝ քրէական գործի վարոյթը կամ քրէական հետապնդումը բացառող հանգամանքներու թիւին չնախատեսելու մասով, ճանչնալ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածները հակասող եւ անվաւեր:
2.ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 135-րդ յօդուածի 2-րդ մասը կը համապատասխանէ Սահմանադրութեանը: