image

«Քէօթէհիա»էն... Երուսաղէմ. Պալեաններու մշակութային ժառանգութիւնը կը շարունակուի

«Քէօթէհիա»էն... Երուսաղէմ. Պալեաններու մշակութային   ժառանգութիւնը  կը շարունակուի

Վերջերս  Հայաստանի «Հանրային ռատիօ»ի  «Ժամանակի վկան» հաղորդաշարի հիւրը եղած է յախճապակիի արտադրական աւանդոյթները շարունակող Պալեան գերդաստանի կրտսեր ներկայացուցիչ՝ Սեդրակ Պալեանը: Ան ներկայացուցած է աշխարհով մէկ հայկական խեցեգործութիւնը հանրահռչակած ու տարածած, արդէն մէկ դար այդ արհեստի, եւ այն արուեստի վերածած հայկական տոհմերու պատմութիւնը, եւ մասնաւորապէս Պալեան ընտանիքի ունեցած աւանդը՝ յախճապակիի համաշխարհային զարգացման ընդհանուր գործընթացին:

Հայկական յախճապակիի մասին պատմող հաղորդումը կը կրէր «Մնայուն արժէքներ, յարափոփոխ ժամանակներում» ենթախորագիրը:

Հաղորդաշարի հեղինակ Իրինա Բարսեղեան Կրպէյեան պատմական ակնարկով մը անդրադառնալով հայկական յախճապակիի անցած ուղիին, յիշեցուց, որ յախճապակիի արտադրութիւնը զարգացած էր միջնադարեան Հայաստանի մէջ: 

 9-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 11-րդ դարու երկրորդ կէսը Հայաստանի մէջ հայկական յախճապակիի զարգացման հիմնական կեդրոնը եղած էր Դուինը: 11-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 13-րդ դարու առաջին կէսը յախճապակիի արտադրութիւնը ծաղկում ապրած է, հիմնական կեդրոններ ունենալով Դուինն ու Անին: Յաջորդող շրջանին, մինչեւ 15-րդ դարը յախճապակիի տեսականին աւելի սակաւ եղած է: 14-րդ դարուն մոնղոլական տիրապետութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի զանգուածային արտագաղթ տեղի ունեցած էր, Անեցիներու մէկ հատուածը հաստատուած էր Կուտինա (Քէօթահիա), իր հետ բերելով խեցեգործութեան արուեստի գաղտնիքներն ու աւանդոյթները: Այդպիսով Կուտինան հռչակուած էր յախճապակիի արտադրանքով եւ այդ մենաշնորհը պահպանած՝ մինչեւ 19-րդ դարը:

Յախճապակիի արտադրութիւնը 20-րդ դարուն նոր վերելք ապրած է, շնորհիւ յախճապակիի արհեստին տիրապետած գերդաստաններու, որոնք այդ ժառանգութիւնը պահպանած եւ արուեստի վերածելու շարունակական ջանքեր գործադրած էին:

Սեդրակ Պալեան ներկայացնելով, թէ ինչպէս հայկական երեք գերդաստանները դարձան յախճապակիի արտադրական աւանդոյթներու շարունակողը մինչեւ 19-րդ դարը, ըսաւ. «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 16-17-րդ դարերուն, յատկապէս Իզնիքը եւ Քէօթահիան եղած են խեցեգործութեան երկու մեծ կեդրոններ: 18-րդ դարուն սկիզբը Իզնիքի կեդրոնը կամաց կամաց սկսած է խամրիլ, իսկ Քէօթահիոյ մէջ, ուր խեցեգործներու մեծամասնութիւնը (70 տոկոսը) հայեր էին, զարգացում ապրեցաւ, եւ անոնց գործերէն է որ ծնունդ առաւ հայկական յախճապակին Քէօթահիոյ մէջ: Այդ հայ ընտանիքներէն ամէնէն յայտնին Աբրահամն էր, եւ այն ինչ որ կը հայկականացնէր յախճապակին՝ ընդհանրապէս աւետարանէն առնուած գծագրութիւններ էին, աւելի՝ ծաղիկներ, որ Իզնիքի կրկնուող ձեւերէն քիչ մը կը շեղէր: 19-րդ դարուն, երբ Եւրոպայի մէջ արդէն բաւականին կը զարգանայ խեցեգործութիւնը, Քէօթահիան ալ կը սկսի արդէն կորսնցնել իր կարեւորութիւնը: Բայց այնտեղ կը մնան երկու- երեք ընտանիքներ, որ կը շարունակեն զբաղուիլ խեցեգործութեամբ, մինչեւ 1919 թ.»:

1919-էն 1922 թուակններուն յոյն-թրքական պատերազմի կարճ շրջանին Քէօթահիոյ կամ Կուտինայի հայերը տեղի ղեկավարի ջանքերու շնորհիւ կրնան զերծ մնալ բռնի իսլամացումէն: Բայց, ինչպէս կը նշէ Պալեան «դժբախտաբար 1922-ին արդէն քեմալիսթները իրենց նախնիներուն գործը աւարտին կը հասցնեն»:

Պալեան կը պատմէ, թէ ինչպէս 1919 թուականին յախճապակիի գործունէութեամբ զբաղուող Օհանէսեան, Պալեան եւ Գարագաշեան երեք ընտանիքները Քէօթահիայէն կը հրաւիրուին Երուսաղէմ, վերանորոգման աշխատանքներ կատարելու համար: «1919-ին Երուսաղէմի մէջ, որ Բրիտանական կայսրութեան տիրապետութեան տակ էր այդ ժամանակ, Ռոնըլտ Սթորզը, որ շատ հետաքրքրուած էր արեւելեան արուեստով, Լորտ Աշպիին հետ միասին արհեստի եւ արուեստի շարժում մը կը սկսին, այդ ծիրէն ներս,  1919-ին կը հիմնուի «Փրօ-Ճերուսալէմ սոսայըթի»ին, որուն գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ վերանորոգել բոլոր շէնքերը եւ այդ արհեստն ու արուեստը ետ բերել: Այս նպատակով անոնք Քէօթահիա կ'երթան, եւ լեզուաբան եւ խեցեգործ Դաւիթ Օհանէսեանը կը հրաւիրեն Երուսաղէմ, որպէսզի սկսի վերանորոգել Ոսկեայ գմբեթի մզկիթի սալիկները: Դաւիթ Օհանէսեանը Քէօթահիայէն իր հետ կը բերէ նաեւ Նշան Պալեանը, որ իմ հօրս մեծ հայրն է, եւ Մկրտիչ Գարագաշեանը»:

Նշենք, որ Մկրտիչ Գարագաշեանը եղած է շատ յայտնի նկարիչ, իսկ Նշան Պալեանը՝ կաւագործ: Այսպիսով երեք ընտանիքները կը հաստատուին Երուսաղէմ: Արդէն 101 տարի է, որ նշուած ընտանիքներու ժառանգները կը բնակին Երուսաղէմ եւ կը զբաղուին հայկական յախճապակիի արտադրութեամբ, զարգացնելով Քէօթահիայի հայկական յախճապակիի աւանդները:

Ինչպէս կը պատմէ Սեդրակ, 1922-ին բաժանում տեղի կ'ունենայ, Պալեան եւ Գարագաշեան ընտանիքները կը շարունակեն գործել միասին, իսկ Օհանէսեանը՝ առանձին, որ սակայն 1948-ի պատերազմին կը հեռանայ Լիբանան, Պէյրութ, ուր կը մահանայ: Իսկ Պալեան եւ Գարագաշեան ընտանիքները կը շարունակեն այս գործը մինչեւ 1965: Անոնք որոշ համաձայնութեան մը հասած էին, որ Գարագաշեանները նկարչութեամբ զբաղուէին, իսկ Պալեանները՝ կաւագործութեամբ, այսինքն, այն ամէնի հետ, ինչ կապ ունի կաւի, գոյներու, ջնարակի հետ եւ այլն: Աշխատանքի շատ յստակ բաժանում կար:

«90-ական թուականներուն մեծ հայրս՝ Սեդրակը, կ'ամուսնանայ Մարի Ալեքսանեանին՝ մեծ մօրս հետ, որ Պոզաղ համալսարանէն էր, նկարչուհի, եւ շատ կ'ուզէր, որ իր արուեստը  բերէր այդ գործին՝ խեցեգործութեան, յախճապակիին, բայց մինչեւ 1965 թ., դժբախտաբար, կարելիութիւնը չկար այդ ընելու: Միայն 1965-ին, երբ կը բաժնուին երկու ընտանիքները, Պալեան ընտանիքը կը մնայ Երուսաղէմ, իսկ Գարագաշեան ընտանիքը կ'անցնի Վիատոլորոսա հին քաղաքը, հնարաւոր կ'ըլլայ»,- կը պատմէ Սեդրակը:

Այսպիսով, արմատներով Քէօթահիայէն սերող, բայց հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Լիոն մեծցած, 6 տարեկանին նկարել սկսած, 10 տարեկանէն դիմանկարներ ստեղծած Մարի Պալեանը, որ ուսանած էր Փարիզի գեղեցիկ արուեստներու ազգային բարձրագոյն դպրոցէն ներս, 1965 թուականին բեկումնային փոփոխութիւններ կը կատարէ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի արտադրութեան ոլորտին մէջ:

 «1965-ին, երբ Մարի Պալեան կը կարողանայ իր արհեստը մտցնել գործին, Պալեան ընտանիքի գործերը կը սկսին աւելի զանազանուիլ միւսներէն:  Ինչպէս որ ըսինք, Քէօթահիայի, Իզնիքի յախճապակիի գծագրութիւնները նախնական ձեւեր էին, Մկրտիչ Գարագաշեանը, Դաւիթ Օհանէսեանը եւ Մարի Պալեանը բոլորովին կը փոխեն ատիկա, կը սկսի շարժում երեւնալ, կեանք կու գայ յախճապակիին մէջ, կը տեսնենք, որ ծառերը, կենդանիները  շարժումի մէջ են, գրեթէ կրնանք լսել թռչուններուն երգը, եղնիկներուն ձայները, եւ այդ է, որ կ'առանձնացնէ հայկական յախճապակին, իսկ Մարի Պալեանի տարբերութիւնը կ'ըլլայ այն, որ մեծ   պաստառներ կը սկսի սարքել, ամենամեծը՝ 5 մեթրով 3 մեթր  է, 1000 սալիկէ կազմուծ, որ նուիրուած է Երուսաղէմի քաղաքապետարանին եւ այսօր կը գտնուի Քորէշ փողոցը»,- կը պատմէ Սեդրակ:

Սեդրակի պնդմամբ, այսօր հայկական յախճապակին Երուսաղէմի մէջ դարձած է խորհրդանիշ՝ Երուսաղէմի արհեստի ու արուեստի, սակայն Պալեան ընտանիքը յախճապակիի արտադրութիւնը ապագային ընդլայնելու մեծ ծրագիրներ ունի, որոնց հիմնական նշանակէտներէն է՝ Հայաստանը:

 «Մենք 100 տարի է արդէն Երուսաղէմի մէջ կը գործենք, Յորդանանի մէջ ալ գործարան մը ունինք, եւ մեր նպատակը անշուշտ Հայաստան ետ այդ արհեստն ու արուեստը բերելն է, որովհետեւ, գիտէք, Յիսուսէն 3000 տարի առաջ Հայաստանը արդէն մեծ կեդրոն էր: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայկական յախճապակին ներկայ ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ: Յատկապէս Երուսաղէմի հայկական յախճապակին է, որ կ'ուզենք բերել Հայաստան, արտադրութիւն սկսիլ այստեղ, բայց համաճարակի պատճառով այդ ծրագիրը յետաձգուեցաւ»,- ըսած է Սեդրակ:

Սեդրակ Պալեան կրտսերը նշանաւոր Պալեան ընտանիքի չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչն է: Ան հպարտութեամբ կը կրէ իր պապի անունը, ան նաեւ արժանապտուօրէն իրեն կը համարէ ընտանեկան դարաւոր ժառանգութեան շարունակողներէն մէկը: Այժմ ան կը սորվի Հայաստանի ֆրանսական համալսարանին մէջ: Պալեան ընտանիքի կրտսեր ժառանգները, Նշան Պալեանի երեք զաւակները նպատակ ունին անպայման շարունակել ընտանեկան աւանդոյթները եւ Հայաստանի մէջ հիմնադրել հայկական յախճապակիի արտադրութիւն:

«Անշուշտ, այս ամէն պատմութիւնը, ժառանգութիւնը մեծ պատասխանատւութիւն մըն է: Սկիզբը շատ դժուար էր մեզի համար, որովհետեւ կը զգայինք, որ մեծ բեռ կայ մեր ուսերուն վրայ, բայց մենք անշուշտ գիտակից ենք այդ պատասխանատւութեան: Ես, եղբայրս եւ քոյրս, բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ պէտք է, եւ կարեւոր է, որ պահպանենք եւ շարունակենք այս գործը եւ պիտի փորձենք եւս 100 տարի եւ 200 տարի ալ շարունակել մեր պապերու մշակութային ժառանգութիւնը»,- եզրափակած է Պալեան: