Երեւան հրապարակուող «Ազգ» շաբաթաթերթէն վերահասու կը դառնանք, որ ԱՄՆ-ի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մշակութային հանրայայտ եւ տաղանդաւոր գործիչ՝ Նորա Իփէքեան-Ազատեանը։
«Ազգ» այս մասին գրելով կը յայտնէ, թէ « 29 ապրիլի գիշերը, Տիթրոյթի մէջ (ԱՄՆ), երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ վախճանած է տիկին Նորա Ազատեան-Իփեքեանը, կողակիցը յայտնի մտաւորական եւ ազգային գործիչ՝ Երուանդ Ազատեանի եւ մայրը նոյնպէս յայտնի դերասան եւ բեմադրիչ՝ Ժիրայր Փափազեանի։ Նկարիչ, ասմունքող, բազմարդիւն ուսուցիչ` տիկին Նորա ծնած էր Եգիպտոս, Իփէքեան ազնուական ընտանիքին մէջ, մեծցած ու դաստիարակուած ֆրանսական միջավայրի մէջ, բայց միշտ մնացած ազգային-հայրենասիրական մթնոլորտի մէջ, Միհրան Տամատեանի, Վահան Թէքէեանի, Սարուխանի, Աշոտ Զօրեանի, Օննիկ Աւետիսեանի եւ այլ մեծերու շունչին տակ։ Այդ շունչը ան պահեց մինչեւ իր վերջին շունչը, նոյնիսկ ամերիկեան հողին վրայ, ուր 60 տարի առաջ տեղափոխուած էր ամուսնոյն հետ։ Տիթրոյիթի եւ անկէ առաջ այլ քաղաքներու մէջ իր վարքով, անմիջականութեամբ եւ յուզականութեամբ ան մնաց ֆրանսական մշակոյթը կրող, բայց, միեւնոյն ժամանակ, խորապէս, ապրումներով եւ զգացականութեամբ` հայ եւ հպարտ իր հայկականութեամբ։ «Թէքէեանի հայու հոգին» կարծէք գրուած էր իրեն համար. անոր արտասանութեամբ այդ քերթուածը ընդմիշտ պիտի մնայ տարբեր հանդիսութիւններու ժամանակ իր ունկնդրողներուն սրտերուն մէջ։ Ընդմիշտ պիտի մնայ նաեւ իր ստեղծած դիմանկարը` ամենահարազատ Թէքէեանը։ Իր աշակերտները բազմաթիւ են Գահիրէի Գալուստեան վարժարանէն մինչեւ Տիթրոյթի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը, ուր երկար տարիներ դասաւանդած էր` աչքը միշտ սեւեռուն` խոստմնալից երիտասարդներուն վրայ, ինչպէս մեծատաղանդ նկարիչ՝ Շանթ Աւետիսեանը, որու տաղանդը աճած է տիկին Նորայի գուրգուրոտ խնամքին ներքեւ։
Տիկին Նորայի մահով կը փակուի սփիւռքահայ կեանքի առանձնայատուկ էջերէն մէկը` թրթռուն քնարականութեան, հայրենակարօտ զգացականութեան, ազգային արմատներուն ընդմիշտ կառչածութեան։
Յարգանք` իր պայծառ յիշատակին։
Խորազգաց ցաւակցութիւններ ամուսնոյն` Երուանդ Ազատեանին, որդւոյն` Ժիրայր Փափազեանին եւ միւս հարազատներուն եւ ընկերներուն»: