Եգիպտացի պատմագէտ մը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, որ Լիպիայի նախկին նախագահ Մուամմար Ալ Քազզաֆի Իսրայէլի հետ 1973 թուականի զինադադարը հաստատելով մահափորձ կատարեց նախագահ Անուար Սատաթի դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Եգիպտական հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հիլուան համալսարանի արդի պատմութեան դասախօս, պատմագէտ դոկտ. Ասէմ ԱԼ Տասուքի անդրադառնալով եօթանասունականներուն Հուսնի Մուպարաքին Սատաթի օգնական նշանակուելու պատճառներուն, պարզաբանած է, որ 1973 թուականի հոկտեմբերեան պատերազմէն ետք Լիպիոյ նախկին նախագահ Քազզաֆի փորձած է Հուսի Մուպարաքի միջոցով օդային հարուածով սպաննելՍատաթը:
Պատմագէտին հաւաստմամբ, Քազզաֆի հեռախօսազրոյց ունեցած է Մուպարաքի հետ, վերջինիս թելադրելով օդային հարուածի միջոցով սպաննել Սատաթը, սակայն վերջինս սարսափահար դիմած է Մուհամմատ Հասանէյն Հայքալին ու պատմած տեղի ունեցածը: Հայքալ Մուպարաքին խորհուրդ տուած է պատահարին մասին տեղեակ պահել Սատաթին, ու ան այդպէս ալ ըրած է:
Երբ Սատաթ Մուպարաքի միջոցով իմացած է իր դէմ հիւսուող դաւին մասին, զինք նշանակած է իր օգնականը, մէկ կողմէ՝ որպէս վարձատրութիւն իր հաւատարմութեան, միւս կողմէ՝ սիրաշահելու համար Մուպարաքը, որպէսզի եթէ յանկարծ տեղի ունեցածը կրկնուի, ան չտկարանայ: