Լահայի վերաքննիչ դատարանին մէջ ընթացող Պոսնիոյ պատերազմի ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ դատավարութեան աւարտին, երբ դատաւորը դատավճիռը կը կարդար, Պոսնիոյ քրուաթական բանակի վեց ղեկավարներէն մին՝ 72-ամեայ Սլոպոտան Փրալիաք դատարանի դահլիճին մէջ թոյն խմելով պատճառ դարձած է, որ դատավճիռի ընթերցումն ընդհատուի: Այս մասին կը հաղորդէ «BBC»:
Նշենք, որ 2013 թուականին Փրալիաք 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր, մեղադրուելով պատերազմի ընթացքին ոճրագործութիւններ կատարելու մէջ, այնուհետեւ դատավճիռը բողոքարկուած էր, եւ երբ վերաքննիչ դատարանը վերահաստատած է վերջինիս դէմ կայացուած վճիռը, Փրալիաք դատաւորին դիմելով յայտնած է, որ ինք թոյն խմած է:
Դատաւորն անմիջապէս դադրեցուցած է դատական գործընթացն ու պահանջած շտապ օգնութիւն կանչել:
Աղբիւրին հաւաստմամբ, հիւանդանոց տեղափոխուած 72-ամեայ Սլոպոտան Փրալիաք մահացած է: