image

Պոլսոյ ընտրութիւնները եւ ... Էրտողանի ճակատագիրը

Պոլսոյ   ընտրութիւնները   եւ ...  Էրտողանի  ճակատագիրը

Թուրքիոյ  մէջ լայն տարածում  ունեցող     կայք մը,  որ  օրերս  լայն   տեղ  կու տայ    այսօր  ընթացք  առած   Պոլսոյ ընտրութիւններուն, նկատել կու տայ, որ  այս ընտրութիւնները մի քանի առումներով  ճակատագրական  պիտի ըլլան Էրտողանի համար։

Աղբիւրին  համաձայն,   շատ հաւանական է, որ    Թուրքիոյ      ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական   (CHP)    թեկնածու՝ Էքրամ Իմամօղլուն  պարտութեան մատնէ     իշխող   «Արդարութիւն եւ զարգացում»  (AKP)   կուսակցութեան  թեկնածու      Պինալի Եըլտըրըմը   եւ այդպիսով  դառնայ   Թուրքիոյ  կարեւորագոյն եւ   տարբեր առումներով  ալ «որոշիչ» համարուող    Իսթանպուլ  քաղաքի    քաղաքագլուխ։

 

Ի դէպ  Թուրքիոյ  մասին  վերլուծութուններ կատարող     պարբերականներ եւ փորձագէտներ նկատել  կու տան,  որ Էրտողան   յայտնուած է  բաւականին բարդ   դրութեան մը մէջ եւ  այդ  պատճառով ալ   գործի լծած է ոչ միայն    երկրի   կրօնական գործիչները,  այլ նաեւ    Թուրքիոյ  համար    թիւ մէկ ահաբեկիչ համարուող    կուսակցութեան առաջնորդ  Ապտալլա Օճալանը, որ,    հակառակ  բանտարկուած ըլլալուն,    կոչով մը հանդէս եկած էր եւ  քիւրտերուն խորհուրդ տուած է ձեռնպահ մնալ ու չմասնակցիլ    այսօրուան ընտրութիւններուն։

 

Այս  բոլորն անշուշտ  ներքին ճակատի վրայ  է ու յստակ է նաեւ,   որ  այս  խնդիրներէն բացի  Էրտողան   կը դիմագրաւէ     մէկէ  աւելի բարդ  հիմնախնդիրներ   նաեւ արտաքին ճակատին  վրայ, որոնց  ամէնակարեւորը  Անքարա-Ուաշինկթըն   լարումն է,  Սուրիոյ   մէջ  իրավիճակի  կտրուկ   փոփոխութիւնն է (ի նպաստ  նախագահ Ասատի ու անոր իշխանութեան)  ու նաեւ Յունաստանի  ու Կիպրոսի   հետ  առկայ   նոր   ջուրի երես  ելած   լարուածութիւնը, որուն  պատճառը  դարձեալ Էրտողանի  գոռոզ   քաղաքականութիւնն է։

Ի վերջոյ  եթէ  այս բոլորը     կուտակուին ու ասոնց  վրայ աւելնայ  Էքրամ  Իմամօղլուի     յաղթանակը,  ապա   սկիզբ  պիտի  առնէ   Էրտողանի համար, ոչ այնքան  բարենպաստ    փուլ մը, որուն աւարտին ալ   Անքարայի  կարծեցեալ մենատէրը  կրնայ   մտնել  անկումի   անփառունակ   շրջան մը։

 

Ի դէպ,    յստակ է նաեւ, որ այսօրուան ընտրութիւններուն  մասնակցող    Պոլսոյ   քիւրտերը իրենց   քուէն   պիտի տան   ընդդիմութեան    թեկնածուին, այդպիսով  եւ այս  անգամ  բացայայտ կերպով  նոր էջ մը բանալով     CHP -HDP համագործակցութեան     պատմութեան  մէջ։