Երեւանի տարբեր ընտրատեղամասերու մէջ բնականոն կերպով կ'ընթանան այսօր առաւօտ ընթացք առած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Այս մասին տեղեկացուց «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը:
Նշենք, որ այսօր առաւօտ ընթացք առած ընտրութիւններուն կան 2008 ընտրատեղամասեր եւ քուէարկելու իրաւունք ունին 2.578.678 քաղաքացիներ:
Այս պահուն ընտրութիւնները բնականոն հունի մէջ են եւ ցնցիչ կամ արտասովոր միջադէպեր մինչեւ այս պահը չեն արձանագրուած, հետեւաբար կարելի է ըսել, որ ընդհանրապէս ընտրութիւնները կ'անցնի խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ:




