Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան խնդրով ժողով մը պիտի գումարուի Պոլսոյ կուսակալութենէն ներս:
Այս մասին լուրը տրուած է Tert.am կայքին կողմէ, որն իր կարգին յղում տուած է Պոլսոյ «Ակօս»ին: «Ակօս» կը գրէ նաեւ, որ նախատեսուած ժողովին մասին տեղեկութիւնը ստացած է «Նախաձեռնարկ մարմին»ի անդամ փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլէն:
Ժողովին օրակարգին մասին տեղեկութիւն չի տրուիր, սակայն արդէն յստակ է, որ այդ ժողովին հիմնական թեման յատկացուած պիտի ըլլայ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան հարցին:
Տրուած լուրին մէջ նոյնպէս կը փոխանցուի, որ նախատեսուած ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլայմէն Սոյլուն: