image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ պատրիարքութեան խնդրով ժողով կուսակալութեան մէջ

Պոլսոյ   պատրիարքութեան    խնդրով   ժողով   կուսակալութեան  մէջ

Պոլսոյ  Պատրիարքի   ընտրութեան խնդրով  ժողով մը  պիտի գումարուի  Պոլսոյ    կուսակալութենէն ներս:

 Այս մասին լուրը  տրուած է    Tert.am  կայքին  կողմէ, որն իր կարգին   յղում    տուած է      Պոլսոյ  «Ակօս»ին: «Ակօս»   կը գրէ  նաեւ, որ նախատեսուած     ժողովին մասին    տեղեկութիւնը ստացած է    «Նախաձեռնարկ մարմին»ի  անդամ        փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլէն:

 Ժողովին  օրակարգին մասին     տեղեկութիւն չի տրուիր,  սակայն  արդէն  յստակ է, որ         այդ ժողովին  հիմնական  թեման   յատկացուած  պիտի ըլլայ Պոլսոյ   պատրիարքի ընտրութեան   հարցին: 

 

 Տրուած  լուրին  մէջ  նոյնպէս  կը փոխանցուի, որ   նախատեսուած    ժողովին    իր մասնակցութիւնը   պիտի բերէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար  Սուլայմէն  Սոյլուն: