image

Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւնը յառաջիկայ դեկտեմբերի՞ն

Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւնը  յառաջիկայ  դեկտեմբերի՞ն

 Պոլսոյ  Պատրիարքի  ընտրութիւնը պիտի կայացուի  յառաջիկայ Դեկտեմբերին: Այս մասին   վերահասու կը   դառնանք   պատրիարքութեան կողմէ     հրապարակուած զեկոյցէ մը, որ նոյնպէս   այս  առաւօտ լոյս տեսած է Պոլսոյ հայկական   օրաթերթերուն    առաջին  ճակատին:

Կը փոխանցուի նաեւ, որ   Պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպող նախաձեռնարկ մարմինը     յատուկ դիմում մը ներկայացուցած  է  Պոլսոյ  կուսակալութեան   արծարծելով  ընտրութեան   հարցը բնականաբար     թրքական  իշխանութիւններէն    համապատասխան    արձագանգ մը ստանալու ակնակալիքով:  Կը  նշուի նաեւ,  որ Պոլսոյ կուսակալութեան ուղղարկուած դիմումին  տակ ստորագրած են   Պատրիարքութեան   տեղապահ Տ. Գարեգին   արք.  Պեքճեան,   Կրօնական  ժողովի ատենապետ ՝ Տ. Սահակ եպս.   Մաշալեան   եւ նախաձեռնարկ մարմնի  դիւանապետ   պոլսոյ ազգայիններէն ՝ Սարգիս   Քիւլակչի:

 

 Ինչպէս  նշեցինք,  այս  ընթացքով     Պոլսոյ    85-րդ Պատրիարքի ընտրութիւնը պիտի կայացուի   յառաջիկայ  դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, անշուշտ եթէ   անկանկալ արգելքներ  չյայտնուին այդ   ընտրութեան  ընդառաջ: