«Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» յայտագիրի ծիրէն ներս, լրագրող Սագօ Արեան օրերս հարցազրոյց մը ունեցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեանին հետ:
Սարաֆեան, անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, ըսած է, որ այս ճանաչումը դրական է բարոյական եւ հոգեբանական առումներո, եւ ճանաչման հարցը, դուրս ելլելով օրակարգէն, առիթ կու տայ մտածելու հատուցման մասին:
Ան մատնանշեց թէ հատուցումը պահանջելու աշխատանքները շատ աւելի դժուար են, եւ կը պահանջեն թէ՛ նիւթական ու թէ՛ մարդկային ջանքեր, եւ մանաւանդ իրաւագիտական եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ: «Ճանաչումը ինքնաբերաբար չբերէր հատուցումը, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք հայութիւնս, սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ պիտի տանինք այս աշխատանքները»:
Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին, Սարաֆեան նշեց թէ որպէս ազգ եւ որպէս երկիր տակաւին դուրս չենք եկած նոյեմբերի ցնցումային պահէն, եւ «Մեծ մտահոգութիւններ ունինք, որովհետեւ փոխանակ քայլեր առնելու թէ ինչպէս դուրս գանք իրավիճակէն դեռ կը շարունակենք մեղաւորներ փնտռել ու նաեւ զիրար մեղադրել»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններուն մասին, կուսակցութեան ԿՎ-ի ատենապետը ընդգծեց, թէ անոնք կրնան փարատել ճգնաժամը, բայց նաեւ կրնան աւելի սրել, հետեւաբար այդ կախեալ է մասնակիցներէն ու անոնց օրակարգէն: «Դժբախտաբար այսօր ամէն ինչ կը խօսուի, բացի Հայաստանի ապագայի տեսլականէն»:
Պատերազմէն ետք նոր ձեւաւորուած տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի դերի կապակցութեամբ ան ըսաւ թէ «Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստանը մնաց լուսանցքային երկիր ու ձեւով մըն ալ տարբեր առումներով շրջանցուեցաւ։ Մենք չունեցանք կարեւոր լծակներ, որոնցմով պիտի կարողանայինք խուսափիլ այս պատերազմէն»:
Խօսելով այսօր ստեղծուած իրավիճակին մասին ու դիտարկելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ճշդելու խնդիրը, Սարաֆեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ճիշդ է, որ ներկայ փուլին մենք մեծ հաշուով վիրաւոր ենք, սակայն ամէն ճիգ պէտք է ընենք յստակեցնելու համար մեր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն, այն պայմանով, որ Թուրքիան եւս նախաձեռնողի դիրքերէ հանդէս գայ։ Ի վերջոյ Հայաստանը, իբրեւ պետութիւն չի կրնար յաւիտենապէս թշնամական մօտեցում ունենալ իր հարեւաններուն հանդէպ։ Ի հարկէ շատ կարեւոր է, որ մենք պէտք է հաշուի առնենք, ու հասկնանք, որ այսօր Հայաստանի պետութեան քաղաքացին գիտնայ եւ ճշդէ իր առաջնահերթութիւնները եւ այդ մեկնակէտով ալ քայլերու անցնի»։
Հարցազրոյցն ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով։