Իսրայէլեան մամուլին մօտէն հետեւողները լաւապէս պիտի նկատեն, որ Թէլ Աւիւի պաշտօնական մարմիններուն մօտ այս օրերուն լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։
Խնդիրն այն է, որ Սպիտակ Տուն մտած ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, մինչեւ այս պահը շատ «գաղջ» կապ մը հաստատած է իսրայէլացիներուն հետ եւ չի բացառուիր, որ այս յապաղումը կապ ունի այն մտքին հետ, ըստ որ Պայտըն չուզէր մխրճուիլ մօտիկ յառաջիկային Իսրայէլի մէջ կայանալիք ընտրութիւններու մեծ «ճահիճ»ին մէջ։
Այստեղ եթէ արագ փակագիծ մը բանանք, ապա պիտի շեշտադրենք, որ ԱՄՆ վերջին երկու նախագահները ՝ Պարաք Օպամա եւ Տանըլտ Թրամբ իրարմէ բաւական տարբեր կեցուածքներ ունեցան կապուած Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները համակարգելու տեսակէտէն։
Մինչ Օպամա այդքան ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց չտուաւ Թէլ Աւիւի հանդէպ, անդին Թրամբ ամէն ինչ ըրաւ Նաթանիահուն գոհ պահելու համար, նոյնիսկ մէջտեղ հանելով երկար ժամանակէ ի վեր ԱՄՆ-ի փակ գրասենեակներուն մէջ գտնուած մի քանի առանցքային խնդիրներ, որոնց ամէնէն ուղենշայինը՝ Կոլանը իսրայէլեան համարելու մասին եղած օրինագիծն էր։
Այս բոլորէն անդին այսօր աւելի քան յստակ է, որ ԱՄՆ նոր վարչակարգին համար նոր տեսակէտներ սկսած են ձեւաւորուիլ, որոնց ամէնէն հիմնարարը Սուրիոյ հետ «լեզու գտնելու» մօտեցումն է։
Անշուշտ այս մօտեցումը ամբողջապէս ապահովագրուած մօտեցում մը չէ, սակայն չի բացառուիր, որ Պայտըն փորձէ փոխել «խաղի կանոններ»ը եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ ազդեցութեան պատուհանը բանայ այս անգամ Դամասկոսի հետ խօսիլ փորձելով։
Այդ մօտեցումն ի դէպ նորութիւն մը չէ, ու մեզմէ շատերու յիշողութեան մէջ կը շարունակէ վառ մնալ, որ ԱՄՆ նախկին վարչակարգերը, ինչ միջոցներու դիմած են Դամասկոսին հետ խօսելու եւ նոյնիսկ բարեկամութեան ձեռք երկարելով շրջանին մէջ մեծ քաղաքականութեան առաջատարը դառնալու։
Սուրիոյ հետ նոր յարաբերութիւններու նոր յետագիծ մը նկատելու առումով աւելի քան բառացուցական են ԱՄՆ դիւանագիտութեան «աստղեր»էն համարուող Ճէֆրի Ֆիլթմանի կատարած յայտարարութիւնները, որոնք բացայայտօրէն կը խոստովանին, որ իրենք ՝ ամերիկացիք Սուրիոյ մէջ ձախողեցան։
Եւ եթէ նման « խոստովանութիւն» մը լսելի կը դառնայ Ֆիլթմանի ճարտարութիւնը ունեցող գործիչի մը բերնով, ապա այդ կը նշանակէ, որ նոյն ամերիկացիք ունին «Բլան պէ» մը, եւ անշուշտ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ այսօրուան ձախողութիւնը տեղ մը «կիսուի» ու նոր միջոցներու շնորհիւ մէջտեղ հանուի համագործակցութեան նոր ճանապարհ մը։
Առանցքն ուրեմն այսօր Դամասկոսն է, որուն շնորհիւ ալ ԱՄՆ պիտի կարողանայ նոր մակարդակի «միջամտութիւններ» ունենալ Լիբանանի մէջ։
Անշուշտ այստեղ հարկ է կարեւորել, որ այս բոլորի կողքին ԱՄՆ ինչ պիտի հետապնդէ։
ԱՄՆ պիտի ուզէ՞ մինչեւ ծայր երթալ «Հըզպալլա»ն պատժելու համար, կամ թէ պարզապէս պիտի գոհանայ առանցք մը փոխելով ու Դամասկոսին հետ խօսելով բաւարարուիլ Լիբանանը ճնշելու մինչեւ հիմա կատարուած գործողութիւններէն ու հետեւաբար ալ անցնիլ նոր համաձայնութիւններու եզրագծին։
Շատ հեռու չեն այս ակնկալութիւնները ու յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու աւարտին Ուաշինկթըն անպայմանօրէն մէջտեղ պիտի հանէ իր նոր քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ ալ Պայտըն ամէնէն աւելի պիտի փորձէ շրջանը հեռու պահել մեծ պատերազմներէն ու այդ ճամբով ալ լեզու գտնել Իրանի հետ ու նաեւ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի օգնութեամբ ալ Լիբանանի մէջ առկայ եւ լարուած բոլոր տեսակի տեսանելի կամ թաքուն պահուած ականները մէկիկ-մէկիկ քակել։
Ու այդ կերպ աւելի քան յայտնի պիտի ըլլայ, որ ԱՄՆ փոխած եւ նոյնիսկ Դեմոկրատականներու տեսակէտէն բարեփոխած պիտի ըլլայ իր մօտեցումները։
Այս բոլորը ժամանակի խնդիր է անշուշտ եւ յառաջիկայ ամիսները այս առումով, աւելի քան վճռական պիտի ըլլան։