image

Պոլսոյ մէջ՝ 23 լիբանանցիներ փրկուած են մահէ

Պոլսոյ մէջ՝ 23 լիբանանցիներ փրկուած  են մահէ

Պոլսոյ մէջ,  զբօսաշրջային պտոյտի մը ընթացքին, 23 լիբանանցիներ, որոնք ինքնաշարժի մէջ էին, փրկուած են ընկղմելէն:

Յիշեցնենք,  որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան ուժեղ փոթորիկներ ու ջրհեղեղներ:

Այս փոթորիկներուն հետեւանքներէն մէկն էր՝ զբօսաշրջային պտոյտի մասնակցող 23 լիբանանցիներու  վտանգի ենթարկուիլը: Անոնցմէ մէկը ահաւոր վիճակը նկարագրելով, ըսաւ. «Ինքնաշարժը քիչ մնաց  թաւալէր դառնար»։