image

Եշիլգիւղի մէջ երկու յոբելեաններ

Եշիլգիւղի մէջ երկու յոբելեաններ

Պոլսոյ Եշիլգիւղ թաղին մէջ տօնական մթնոլորտի ներքոյ նշուած են Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակն ու թաղի հայկական վարժարանի 70-ամեակը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ օրհնուած է յոբելեանի առթիւ Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարը։

 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր երկու դարերու հաւատքն ու աղօթքը իրենց անջնջելի հետքը թողած են, այս անգամ  երաժշտութիւնն է որ գեղեցիկ կամուրջ մը դարձաւ իրարու կապելով անցեալն ու ներկան։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200ամեակն ու թաղի հայկական վարժարանի 70ամեակը միատեղ նշուեցան յոբելենական հանդիսութեամբ մը, որ իր հոգեւոր ապրումով գեղեցիկ երեկոյ մը պարգեւեց ներկաներուն։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կայացած հանդիսութեան համար եկեղեցին լեցուած էր հրաւիրեալներով եւ հաւատացեալներով։ Թաղային Խորհուրդը, ատենապետ Արա-Էրօլ Չընարի գլխաւորութեամբ, ջերմօրէն կը դիմաւորէր հիւրերը։ Երգեհոնի հանդիսաւոր հնչիւնները, Լեռնա Պալօղլու-Ագպուլութի զգայուն երգեցողութիւնն ու Դաւիթ Գասպարեանի տուտուկի սրտայոյզ մեղեդիները բացառիկ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Մանաւանդ «Կռունկ»ը, որ իր խորունկ ապրումով դարձաւ երեկոյին գագաթնակէտը։

Այս կրկնակ յոբելեանը անցեալի վաստակին մատուցուած յարգանքէն անդին կ'անցնէր. անիկա նաեւ ապագային ուղղուած հաւատքի ու շարունակականութեան արտայայտութիւն մըն էր։ Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարին բացումը, ապա վարժարանի սաներուն պարը ամբողջացուցին օրուան խորհուրդը՝ մէկտեղելով Եշիլգիւղի մեծ ընտանիքին տարբեր սերունդները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը՝ յոբելենական հանդիսութեան մանրամասնութիւններով։

***

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան երկու հարիւրամեակին եւ թաղի վարժարանի եօթանասունամեակին առթիւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ սարքուեցաւ յոբելենական երաժշտահանդէս մը։

Հանդիսութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, վեղարաւոր հայրեր եւ քահանայից դասը։

Երեկոյթին բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Արմաւենի Չաքարօղլու եւ բարի գալուստ ու հաճելի ունկնդրութիւն մաղթեց ներկաներուն։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան թաղի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանը եւ թաղի վարժարանի տնօրէն Տիլարա Շապճեանը։

Ապա բեմ եկան թաղի վարժարանի սաներ՝ Մելանի Տէմիրճի, Սեւան Ներկիս եւ Գայլ Էսէօղլու, որոնցմէ առաջին երկուքը փոխն ի փոխ արտասանեցին Վահան Թէքէեանէ «Եկեղեցին Հայկական», իսկ վերջինը՝ նոյնպէս Թէքէեանէ «Լուսաւորչի կանթեղը» բանաստեղծութիւնը։

Ասմունքներէ ետք բեմ եկան օրուան երեք արուեստագէտները՝ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանը, մեցցօ սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու-Ագպուլութը եւ երգեհոնահար Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանը եւ սկսաւ յայտագիրը։

Երաժշտահանդէսի ընթացքին նուագուեցան ու երգուեցան Ս. Ներսէս Շնորհալիէ եւ Վահագն Ստամբոլցեանի փոխադրած «Ամէն։ Հայր Սուրբ»ը, նոյնպէս Ս. Ներսէս Շնորհալիէ «Առաւօտ Լուսոյ»ն, Շուպերթի «Ավէ Մարիա»ն (Ողջո՛յն քեզ, Մարիամ), Երանաշնորհ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէ, էջմիածնական ոճով եւ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի փոխադրած «Բաց մեզ Տէր»ը, Վ. Յարութիւնեանի բառերով եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ «Իմ անուշ տաւիղ»ը, Գ. Սարեանի բառերով եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ «Գարնանային»ը, Կոմիտաս Վրդ.ի «Երկինքն ամպել ա»ն, «Շողեր Ջան»ը եւ «Քելէ, քելէ»ն, Է. Յակոբեանի մշակած «Խնկի ծառին նման ես»ը, Կոմիտաս Վրդ.ի «Կռունկ»ը, ԳՁ. (կարիպ հիճազ) եղանակով, Պոլսական ոճով եւ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի կողմէ փոխադրուած «Տէր ողորմեա»ն, Լ. Դուրեանի բառերով եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ «Իմ եղեգ»ը, Կոմիտաս Վրդ.է Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման նուիրուած «Վարանիմք» հոգեւոր երգը, կրկին Լ. Դուրեանի բառերով եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ «Կապոյտ Երազ»ը եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիէ եւ Ռ. Ալթունեանի մշակումով «Նոր ծաղիկ»ը։

Գեղեցիկ երաժշտահանդէսի աւարտին, հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այսպիսի գեղեցիկ յոբելենական հանդիսութեան մը համար հաւաքուած ենք։

Ապա մեր Հոգեւոր Պետը պատմեց գեղեցիկ նմանութիւն մը. Պարտիզպան մը գարնան սկիզբը երբ պարտէզ կը մտնէ, կը տեսնէ, որ ծառերը մերկ են։ Ո՛չ պտուղ կայ եւ ոչ այլ ինչ։ Այն ատեն աչքերը կը սեւեռէ արմատներուն եւ կը մտածէ աշխատիլ արմատներուն վրայ, հողը փորել եւ այսպէս ջանալ վերակենդանացնել ծառը։ Արմատներուն հետ աշխատիլը կարելի է հին օրերու հետ զբաղիլ կարծուի։ Սակայն այդպէս չէ. ընդհակառակը՝ ապագայի վրայ աշխատիլ է։ Այսօր այս է որ եղաւ։ Եշիլգիւղի մեծ ընտանիքը նշեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան երկու հարիւրամեակն եւ թաղի վարժարանի եօթանասունամեակը։ Պատմութեան նայելով, ապագայի մասին մտածեցինք։ Պատմութեան նայելով դասեր պէտք է քաղենք։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց թաղի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանը, Արա Էրօլ Չընարի ատենապետած Թաղային Խորհուրդը, Տիլարա Շապճեանի տնօրէնութեամբ թաղի վարժարանը, օրուան արուեստագէտներ՝ Արժանթինէն յատկապէս ժամանած տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանը, մեցցօ սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու-Ագպուլութը եւ երգեհոնահար Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանը, վարժարանի սաները, որոնք ասմունքեցին եւ բոլոր երախտաւորները։

Մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ յուշապնակներ յանձնուեցան արուեստագէտներուն։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաները հրաւիրեց աղօթքով աւարտել այս գեղեցիկ երաժշտահանդէսը եւ միաբերան երգուեցաւ Տէրունական Աղօթքը։

Յոբելենական երաժշտահանդէսէն ետք ներկաներ առաջնորդուեցան պարտէզ, ուր գեղեցիկ անակնկալ մը կար. Եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին առջեւ, ի յիշատակ յոբելեանի, տեղադրուած էր խոշոր խաչքար մը, որ յատկապէս պատրաստուած էր Հայաստանի մէջ, Արտակ Համբարձումեանի ձեռամբ եւ փոխադրուած էր քաղաքս։ Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Արա Էրօլ Չընար եւ Բ. Ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ, Տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեան եւ նախկին ատենապետ Հապիպ Էօզֆըրընճը, միասնաբար քակեցին ժապաւէնը եւ վար առին խաչքարը ծածկող շղարշը։

Տէր Հայրը բացատրութիւններ տուաւ խաչքարի մասին։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ խաչքարը կը յուշէ երկու տարբեր պարագայ. Չարչարանք, ցաւ, քրտինք, ինչպէս նաեւ կեանք՝ որը կը խորհրդանշէ խաչքարի վրայի ծաղկած խաչը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ ներկաներ այս խաչքարին նայելով պիտի յիշեն այս օրը, իսկ յաջորդ սերունդներ պիտի պատրաստուին երեք հարիւրամեակին։

Գեղեցիկ երեկոյթի վերջաւորութեան ներկաներ առաջնորդուեցան Վարժարանի սրահը, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։