image

Տիանա Աբգարի շիրիմին՝ Հայաստանի եռագոյնը (Լուսանկար)

Տիանա Աբգարի շիրիմին՝ Հայաստանի եռագոյնը (Լուսանկար)

Հեռաւոր Ճաբոնի Եոքոհամա քաղաքէն հասած այս նկարները յուզիչ յիշեցում մըն են Տիանա Աբգարի՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին դեսպաններէն մէկուն, ազգային ծառայութեան եւ հայրենասիրութեան մասին։ Տասնամեակներ ետք, անոր շիրիմին վրայ դարձեալ ծածանեցաւ Հայաստանի Եռագոյնը՝ հայերէն աղօթքի մը ուղեկցութեամբ։

Ստորեւ այդ մասին Սագօ Գասապեանի  ուշագրաւ գրառումը՝

1920-ին, յանուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, օրուան արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանի կողմէ նշանակուած դեսպան, քաղաքական գործիչ, գրող եւ հրապարակախօս Տիկին Տիանա Աբգարի դամբարանն է, իր ամուսնոյն՝ Աբգարի դամբարանին կողքին:


Տիանա Աբգարի կերպարը ուսումնասիրած են շատեր. պատրաստուած է անոր կեանքը ներկայացնող ֆիլմ ալ, որուն բեմադիչը անոր հարազատ թոռնիկն է:

Հայ կնոջ դրական բոլոր մասնիկները մարմնաւորող, երեք զաւակներու մայր այս քաջ կինը, դիւանագիտական եւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն տարած է Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար:

Անոր դիւանագիտական գործունէութիւնը դադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով:


Աշխատանքային այցով Ճաբոն գտնուող եղբօրմէս՝ Ռաֆֆիէն խնդրած էի որ պատեհ առիթ ստեղծէ եւ այցելէ Տիանա Աբգարի շիրիմը:

Ան, այսօր հոն՝ հեռաւոր Եոքոհամայի մէջ Հայաստանի Եռագոյնը դարձեալ զետեղեց Տիկին Աբգարի շիրմաքարին. վստահ եմ որ Տիկին Աբգարի հոգին ուրախ էր այսօր... ո՛չ միայն անձրեւոտ եղանակին այցելուէն, այլ Հայաստանի Եռագոյնին տուած ջերմութեան, եւ հայերէնով հնչած աղօթքին համար: