Փասատինայի Պլեր պետական դպրոցի Հայկական ճեմարանի աշակերտները ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ հետեւեցան Մոնթրէալէն ժամանած «Բունչիկ» շրջիկ թատերախումբի ներկայացման, որ հայկական կենցաղին բնորոշ պատկերներու եւ հումորի միջոցաւ արեւմտահայերէնը պատանիներուն մերձեցնելու իւրայատուկ առիթ հանդիսացաւ։
Փասատինայի Պլեր պետական դպրոցի Հայկական ճեմարանը Սեպտեմբեր 25ին, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ դիտեց իւրայատուկ ներկայացում մը, որ կոչուած էր՝ «Բունչիկ. Հայկական Ծիծաղի Առաւօտ Մը»: Թատերախաղը բազմաթիւ տեսարաններու համադրութիւն մըն էր, ուր հայկական կենցաղին բնորոշ պատկերներ ծիծաղի ջերմութեան մէջ բեմադրուած էր:
Թատերախումբին նպատակներէն մէկն էր պատանեկան հասակին հասկնալի արեւմտահայերէնը բեմ բերել: Ուստի, պարզ, յստակ ու մերձենալի ձեւով հնչեց լեզու մը, որ պէտք ունի այդպիսի գուրգուրանքի: Թատերախաղը հազուագիւտ առիթ մըն էր, որ հայկական դպրոցի աշակերտը դասարանէն դուրս ալ լսէ արեւմտահայերէնի խնամուած գործածութիւնը:
Գեղեցիկ յայտնութիւն մըն էր նաեւ թատերախումբը. «Բունչիկ» խմբակը հիւրաբար եկած էր Մոնթրէալ քաղաքէն: Շրջիկ թատերախումբ մըն է ան, որ զանազան քաղաքներու մէջ կը ներկայանայ ու արուեստի եռանդը կը բերէ հայկական գաղութներուն:
Թատերական պատկերներու այս համադրութիւնը իր մէջ կը պարունակէր ընտանեկան ջերմութիւն, առտնին անմիջական պարզութիւն, ինչպէս նաեւ եղբայրական սէր, երբեմն ալ գաղութիս հայկական կեանքին յատուկ ծիծաղելի թերութիւններ:
Հայկական ճեմարանի աշակերտները խաղի աւարտէն յետոյ բեմի վրայ ծանօթացան դերասաններուն, ունեցան կարճ զրոյցներ անոնց հետ, շնորհակալութիւն յայտնեցին դերասաններուն, ապա լուսանկարուեցան անոնց հետ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄին իր հրաւէրին համար, իսկ «Բունչիկ» խմբակին կը մաղթենք բեմադրութիւններու յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)