image

Ըստ Փաշինեանի մինչեւ 2031-ը խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ստորագրուի

Ըստ Փաշինեանի մինչեւ 2031-ը խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ստորագրուի

Մեր առաջիկայ կարեւորագոյն ընելիքը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումն ու վաւերացումն է՝ մինչեւ 2031 թուականը։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կառավարութեան Հոկտեմբեր 15-ի նիստին ընթացքին։

«Սա չի նշանակում, որ մենք որեւէ այլ օրակարգից հրաժարւում ենք, բայց ես նաեւ ինքս ինձ համար այդպիսի խնդիր եմ դրել՝ մինչեւ 2031 թուականը հասնել այդ խնդրի լուծմանը», ըսած է վարչապետը։

Փաշինեանի խօսքով՝ սա նաեւ գործադիր իշխանութեան եւ քաղաքական խումբի ընելիքն է, սակայն, որպէս վարչապետ, իր անձնական օրակարգի առումով առանցքային կը համարէ այդ խնդրի լուծումը՝ նշուած ժամկէտին։

 

Վարչապետը ընդգծած է, որ կը տեսնէ այդ նպատակին հասնելու կարելիութիւնը, որն ալ հիմք հանդիսացած է հարցը հրապարակաւ բարձրաձայնելու համար։

«Այնպտս չէ, որ նոր է այս ընկալումը ձեւաւորուել, բայց ես տեսնում եմ, որ կայ այդ հնարաւորութիւնը, հակառակ դէպքում չէի բարձրաձայնի այս եւ այլ ձեւաչափերով, եւ առաջիկայում մենք պէտք է կեդրոնացած լինենք այս օրակարգի վրայ»,-ըսած է ան։

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ խաղաղութեան օրակարգը չի նշանակեր միւս ռազմավարական ծրագիրներն ու նախագիծերը երկրորդական դիրքի մղել, ներառեալ՝ յեղափոխութեան ժամանակ ձեւաւորուած օրակարգերը, հաղորդակցութեան ուղիներու բացումն ու տնտեսական զարգացումը։

«Յեղափոխութեան ժամանակ գեներացուած օրակարգերը, մեր ռազմավարական ծրագրերը ամենեւին երկրորդ պլան չմղելով՝ կոմունիկացիաների բացում, տնտեսական զարգացում եւ այլն, այնուամենայնիւ այդ օրակարգի ամենավերեւում, ինձ համար, իմ անձնական աշխատանքային օրակարգի համար, գտնւում է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը եւ վաւերացումը»,-ըսած է վարչապետը։

Կառավարութեան ղեկավարի համոզմամբ՝ համաձայնագիրի կնքումով եւ վաւերացումով պիտի ամբողջանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր փուլերէն մէկը, եւ պիտի սկսի նոր շրջափուլ։

Վերջին օրերուն վարչապետը ամէնօրեայ ռեժիմով սկսած է խօսիլ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու եւ զայն վաւերացնելու մասին։ Հոկտեմբեր 13-ին վարչապետը իր ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ տեսանիւթ հրապարակած էր, որուն մէջ կ՚ըսէր, թէ յառաջիկային պէտք է կեդրոնանալ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու եւ վաւերացնելու աշխատանքին վրայ։

Հոկտեմբեր 14-ին եւս վարչապետը տեսանիւթ հրապարակած էր, որուն մէջ կ՚ըսէր, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է իրականացնեն համապատասխան եւ ճշգրիտ չափերով տարածքներու փոխանակում, որպէսզի սահմանին որեւէ կողմը անկլաւներ եւ էքսկլաւներ չմնան։

Վարչապետը նաեւ նշած էր, որ կողմերը պէտք չէ իրարու որեւէ պահանջ ներկայացնեն բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ներառեալ՝ Ղարաբաղի, Կարտմանի, Շիրվանի, Նախիջեւանի կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» տրամաբանութեամբ, եւ պէտք է հանգիստ ձգեն զիրար։

Ան նաեւ ներկայացուցած էր իր նախնական տպաւորութիւնը, թէ կարելի է խաղաղութեան հասնիլ եւ զայն իրականութիւն դարձնել։ Վարչապետին խօսքով՝ այս տպաւորութիւնը ստացած է Թուրքմենիստանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահին հետ ունեցած շփումներուն արդիւնքով։

 

Վարչապետը խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման մասին սկսած է աշխուժօրէն խօսիլ՝ ատրպէյճանցի զինծառայողի Սիւնիք ներթափանցելէն ետք։ Վարչապետն ու իշխանութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ ատրպէյճանցի զինծառայողը խափանարար չէ, եւ դէպքը սովորական յանցագործութիւն է։ Սակայն, հակառակ իշխանութիւններու պնդումներուն, հանրութեան մէջ կասկածներ կան, որ, այնուամենայնիւ, տեղի ունեցած է խափանարարական ներթափանցում, եւ որ մոլորած զինուորը չէր կրնար այդքան խորանալ Հայաստանի տարածքէն ներս եւ հասնիլ Շաքի բնակավայրը։

 

Սեպտեմբեր 29-ին, Ատրպէյճանի զօրամասէն ինքնակամ հեռացած զինծառայող Նասիմի Մուսաեւ յայտնուած է Հայաստանի տարածքին մէջ։ Հոկտեմբեր 1-ին ան ապօրինի կերպով մուտք գործած է Սիւնիքի Շաքի բնակավայրի տուն եւ կրակոցներ արձակած՝ վիրաւորելով տանտիրուհին ու վնասուածքներ պատճառելով անոր երկու զաւակներուն։ Ան ձերբակալուած է եւ երկու ամիս ժամկէտով կալանաւորուած։