Պոլսոյ մէջ, զբօսաշրջային պտոյտի մը ընթացքին, 23 լիբանանցիներ, որոնք ինքնաշարժի մէջ էին, փրկուած են ընկղմելէն:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան ուժեղ փոթորիկներ ու ջրհեղեղներ:
Այս փոթորիկներուն հետեւանքներէն մէկն էր՝ զբօսաշրջային պտոյտի մասնակցող 23 լիբանանցիներու վտանգի ենթարկուիլը: Անոնցմէ մէկը ահաւոր վիճակը նկարագրելով, ըսաւ. «Ինքնաշարժը քիչ մնաց թաւալէր դառնար»։