Պոլսոյ մէջ, 24 ապրիլին, կազմակերպուած սգոյ միջոցառումներէն մէկը տեղի ունեցած է 24 ապրիլ 2011-ին ծառայակցի կողմէ սպանուած Սեւակ Շահին Պալըքճիի գերեզմանի մօտ։
Միջոցառման մասնակցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, քիւրտ ու թուրք գործիչներ, ինչպէս նաեւ եւրոպայէն ժամանած հիւրեր։
Յետադարձ ակնարկով մը յիշենք, թէ Սեւակ Պալըքճի 24 Ապրիլ 2011 թուականին պարտադիր զինուորական ծառայութեան վերջին օրերուն մի այլ զինծառայող՝ Քվանչ Աղաօղլուի հրացանէն արձակուած փամփուշտով մը մահացած էր։ Զինուորական դատարանը այդ սպանութիւնը առկած մը ըլլալով մեկնաբանած եւ բանտարկութեան շրջանն ալ նկատի ունենալով վճիռի հետ միասին ազատ արձակած էր ոճրագործը։