image

Փայլան Տինքի սպաննութեան հարցը խորհրդարան պիտի տանի

Փայլան  Տինքի սպաննութեան հարցը  խորհրդարան պիտի տանի

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը՝ Հրանտ Տինքի սպանութեան 11–րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները ուսումանասիրելու ու նմանատիպ հնարաւոր սպանութիւնները կանխելուն ուղղուած գրաւոր առաջարկ:

Վկայակոչելով HDP–ի պաշտօնական կայքը՝ News.am-ը կը հաղորդէ, թէ Կարօ Փայլան իր առաջարկին մէջ շեշտած է, որ Հրանդ Տինքը ջանքեր կը գործադրէր Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ու ժողովուրդներու համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար:

Առաջարկին մէջ յիշատակուած է, որ Հրանդ Տինքը Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէոքչենի մասին յօդուած գրելէն ետք թիրախ դարձած է ազգայնականներու կողմէ, իսկ 2005-ին անոր դէմ 301–րդ յօդուածով թիւրքականութիւնը վիրաւորելու մեղադրանքով դատ բացուած է:

«Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը պէտք է ուսումնասիրէ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները եւ նմանատիպ սպանութիւնները կանխելու համար կամք դրսեւորէ: Այս ծիրէն ներս՝ կը պահանջենք, որ խորհրդարանը ուսումնասիրութիւններ սկսի յիշեալ թեմայով»,- նշած է Կարօ Փայլան: