«Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարած է, որ 25 Ապրիլին, ժամը 11։00-ին «Մարիոթ Արմենիա» հիւրանոց կը հրաւիրէ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանը։
Ընդ որում, Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է իշխանութիւններուն ժողովուրդի թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը ճանչնալ անվերապահօրէն ու առանց նախապայմաններու։
«Ես յոյս ունեմ, որ վերնախաւը կը ճանաչի թաւշեայ ոչ բռնի յեղափոխութեան յաղթանակը»,- ըսած է ան։
«Հայաստանում երկար տարիներ հաստատուած է եղել ատելութեան, վենդետտային (վրէժխնդրութիւն) մթնոլորտ։ Ես ուզում եմ իրար հետ արձանագրենք, որ այդ էջը Հայաստանում փակուած է»,- յայտարարած է ան։