|
Բախումներուն հետեւանքով ինկած են տասնեակ վիրաւորներ։ |
|
Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։
Ըստ լիբանանեան ԶԼՄ-ներու մեծ թիւով ցուցարներ ներխուժած են տնտեսութեան նախարարութեան շէնք։
Պէյրութի կեդրոնին մէջ ծագած են մեծաթիւ հրդեհներ եւ ցուցարաներուն ու ապահովական մարմիններուն միջեւ կը գրանցուին բախումներ։
Վիճակը լարուած կը շարունակէ մնալ մայրաքաղաքի կեդրոնին շուրջ եւ ցուցարարներ, հակառակ ապահովական մարմիններու կողմէ արցունքաբեր կազի օգտագործման անոնք կը մերժեն փողոցներէն հեռանալ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ բախումներուն հետեւանքով ինկած են տասնեակ վիրաւորներ։