image

Պէյրութ. Լիբանանցի լրագրողներ «Ո'չ» կ'ըսեն լրագրողներուն դէմ իրագործուող ոճիրներուն...

Պէյրութ. Լիբանանցի լրագրողներ «Ո'չ» կ'ըսեն լրագրողներուն դէմ իրագործուող ոճիրներուն...

2 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի կողմէ նշանակուած է որպէս լրագրողներու դէմ իրագործուող ոճիրներու պատասխանատուութենէն խուսափողներու դէմ պայքարի միջազգային օր, որ այս տարի կը նշուէր հինգերորդ անգամ ըլլալով, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Այս առթիւ երէկ, հինգշաբթի, «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի Պէյրութի գրասենեակը, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան համար պայքարող շարք մը կազմակերպութիւններ, Պէյրութի մէջ զօրակցութեան հաւաք կազմակերպած էին:

Միջոցառման ընթացքին իրենց ելոյթներով հանդէսդ եկան կազմակերպիչները, այնուհետեւ տեղի ունեցած Սուրիոյ, Իրաքի, Եէմէնի եւ Լիբանանի մէջ լրագրողներու դէմ բռնութիւն կատարած եւ պատիժէ խուսափած անձերու մասին տեսագրութեան ցուցադրումը: Վերջիններուս բռնութեան պատճառով, վերջին տարիներուն, մեծ թիւով լրագրողներ սպաննուած կամ առեւանգուած են:

Միջոցառման նպատակն էր նաեւ կոչ ուղղել իրաւասու մարմիններուն, առաւել վճռակամ գտնուելու լրագրողներու դէմ բռնութիւններ իրականացուցած անձերու նկատմամբ:

Կազմակերպիչները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են, վերջին շրջանին լրագրողներու դէմ ուղղուած ոճիրներու ալիքի բարձրացման պատճառով: Անոնք պահանջ ներկայացուցած են, որ բոլոր պետութիւնները համապատասխան միջոցներ ձեռնարկեն, նախ յանցագործները պատժելու, ապա լրագրողներուն համար աշխատանքի ապահով միջավայր ստեղծելու համար, որպէսզի վերջիններս կարողանան լիուլի կատարել իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը: